Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին յաջորդող օրը, Երեքշաբթի, 7 Յունուար 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, մեռելոց յիշատակին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Ազգ. Գերեզմանատան «Ս. Հռիփսիմէ» մատրան մէջ, ներկայութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Թեմի Քահանայ Հայրերու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Գօգօ սրկ. Տէր Վարդանեանի:
Պատարագէն ետք, մատրան շրջափակին մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար, ապա նաեւ անդաստան կատարուեցաւ։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: