Հարաւային Քալիֆորնիոյ զանազան շրջաններու մէջ 7 Յունուարին սկսած եւ 8 Յունուարին շարունակուած սաստիկ հովերուն պատճառով յառաջացած երեք մեծագոյն եւ կատաղի հրդեհները պատճառ դարձան տարհանման հազարաւոր հայ ընտանիքներու, որոնք ստիպուած եղան հեռանալու իրենց տուներէն, ինչպէս նաեւ համայնքի կառոյցներու քանդումին, ինչպէս՝ Փասատինայի մէջ գտնուող Սահակ Մեսրոպ վարժարանը, որ դարձաւ հրդեհին զոհը:
Հրդեհներուն հետեւանքով տեղական իշխանութիւնները բնակարաններէն հեռանալու հրահանգներ արձակած են՝ երաշխաւորելու համար բնակչութեան ապահովութիւնը։
Ալթատինայի, Փասատինայի, Լա Քանիատայի, Քրեսենթա հովիտի եւ հիւսիսային Կլենտէյլի մէջ ապրող մեր համայնքներու հազարաւոր բնակիչներ ստիպուած եղան հեռանալու իրենց բնակարաններէն:
ՀՅԴ Արևմտեան ԱՄ-ի Կեդրոնական Կոմիտէն հրատապ յայտարարութեամբ յայտնած է որ իր կեդրոններուն դռները կը բանայ հարաւային Քալիֆորնիոյ հրդեհներուն պատճառով ապաստանի կարիք ունեցող ընտանիքներուն համար: