Տարիներ շարունակ Հալէպի մէջ մարդիկ վառելանիւթի տագնապ կը դիմագրաւէին: Օրերս վառելանիւթը ազատօրէն կը վաճառուի փողոցներու, ինչպէս նաեւ հրապարակներու անկիւններուն վրայ, կազը կրկին շրջուն մեքենաներով կը վաճառուի օրական դրութեամբ։ Երեւոյթ մը, որ կը մեղմացնէ վառելանիւթի տագնապը, յատկապէս ձմռան ցուրտ օրերուն:
Մարդիկ նախապէս ելեկտրոնային քարտով կը ստանային իրենց բաժին ինկած կազը երկամսեայ հերթականութեամբ, այսօր արդէն ազատօրէն կրնան ձեռք բերել՝ իրենց տնտեսական կարողութեան համաձայն:
Վառելանիւթի սակացոյցը շրջուն մեքենաներուն վրայ կը կրէ հետեւեալ պատկերը.
Մազութ 1 լիթրը՝ 12.500-14.000 ս.ո.
Պէնզին 1 լիթրը՝ 16.000-19.000 ս.ո.
Պենզինի լցման կայարաններէն ներս՝ պէնզինի 1 լիթրը կը հաշուէ 16.000-17.000 ս.ո.:
Ազատ կազի վաճառումին գինը կը տարուբերի 200.000-225.000-ի միջեւ, իսկ ելեկտրոնային քարտով ստանալու պարագային կը վաճառուի 180. 000-190. 000-ի: