Երէկ տեղի ունեցաւ Հալէպի ճարտարարուեստի պալատի վարչութեան անդամներու ընտրութիւնը։
Հալէպահայ երկրչփ. Անի Մարկոսեան ընտրուեցաւ վարչութեան անդամ։
Վարչութեան ատենապետ ընտրուեցաւ Մուսթաֆա Քուայա, իսկ փոխատենապետներ՝ Ապտուլլաթիֆ Համիտէ եւ Մուհամմետ Զայզան։ Գանձապահ՝ Զաքարիա Սապունի։
Վարչութեան լրիւ կազմը յայտարարուած է Հալէպի ճարտարարուեստի պալատի դիմատետրի էջին վրայ։