Շարունակելով մեր հանդիպումները «Գանձասար»-ի աշխատակիցներուն հետ, երէկ երեկոյեան տեսակցեցանք թերթի աշխատակիցներու երկրորդ հնգանդամ հոյլին հետ, որպէսզի բաժնեկցինք մտահոգութիւններ, զրուցենք հրապարակագիրին, կրթական մշակին ու մշակոյթի գործիչին դերին շուրջ։

Վերնագիրն ալ պահեցինք պրն. Լեւոն Շառոյեանի ճշդած չակերտեալ «գագաթաժողով»-ը, նկատի ունենալով նման հանդիպումներու եւ մտքերու փոխանակման կարեւորութեան տարողութիւնը, յատկապէս երկրի քաղաքական ու ընկերային զարգացումներով յղի նման շրջանի մը մէջ։

Զրոյցը հարստացուցին հրապարակագիր եւ կրթական մշակ Սալբի Գասպարեանը, գրող Մարիանա Ղազարեանը, կրթական մշակներ Յակոբ Քիլէճեանը, Երան Զէյթունցեանն ու Սեւան Շահպազեանը։

Մեր խօսակցութիւնը ընթացաւ առաւելաբար սուրիական ընկերութեան պարզած պատկերին, սուրիական հողին վրայ հազարաւոր տարիներու ընթացքին մշակոյթներու գոյակցութեան եւ փոխազդեցութեան, ինչպէս նաեւ երկրի քաղաքական զարգացումներուն շուրջ։

Զրուցակիցներս իրատես էին, անոնք բոլորն ալ կը շեշտէին հարցերուն խորքը թափանցելու, բազմակողմանի կարծիքներու ականջ տալու կարեւորութիւնը։

Հետաքրքրական առաջարկներ հնչեցին տագնապալի օրերուն թերթի հրապարակումներուն մէջ երգիծանքին տեղ տալու, սուրիահայութեան ներկայութեան, դերին մասին երկլեզու հրապարակումներով ընթերցողները իրազեկ պահելու եւ առցանց տարբեր հարթակներու վրայ ներկայութիւն ըլլալու շուրջ։

Բոլորին փափաքը մէկ էր՝ խաղաղութեան ու բարեփոխման իսկական հունի մէջ տեսնել Սուրիան ու սուրիացի տառապեալ ժողովուրդը։ Այս բոլորին մէջ սուրիահայ գրողին, հրապարակագիրին, բանաստեղծին, մշակութային գործիչին եւ կրթական մշակին պարզ ու յստակ խօսքն ու դերը ինչքան ներդրում կրնան բերել։

Զ. Պօղիկեան