Ուրբաթ, 10 Յունուար 2025-ին Առաւօտուն Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը մեկնեցաւ Տէրիք, ուր ընդունուեցաւ Արժն. Տ. Պասկ Քհնյ. Պէրպէրեանի եւ Տէրիքի թաղականութեան կողմէ։
Երեկոյեան Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Յայտնութեան Ե. Օրուայ առիթով, ձեռամբ՝ Արժն. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, իսկ քարոզեց՝ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։
Հայր սուրբը քարոզի ընթացքին տէրիքցիները շնորհաւորեց Նոր Տարուան, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, մաղթելով որ 2025 տարին բարեբեր տարի մը ըլլայ եւ Քրիստոսի ծնունդով սէր եւ Խաղաղութիւն ծնի բոլոր մարդկութեան սրտին մէջ։
Պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ժողովուրդը թափօրով ուղղուեցաւ դպրոցի սրահը, ուր տեղի ունեցաւ տնօրհնէք Սուրբ ծննդեան։