Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներու վերացումը անհրաժեշտ կը թուի վերականգնումի շարժումը աշխուժացնելու եւ Սուրիան բարգաւաճման առաջնորդելու։
Նախարարութիւնը ըսաւ. “Կ’ողջունենք Սուրիոյ դէմ պարտադրուած տնտեսական կարգ մը պատժամիջոցներու վերացման ԱՄՆ-ի վարչակազմին որոշումը։ Սոյն յառաջդիմութիւնը վերջերս մեր գումարած խստացուած նիստերուն արդիւնքն է, այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք սուրիական բոլոր անձնակազմերուն, որոնք լուրջ աշխատանք տարին այս ուղղութեամբ»։
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ տնտեսական պատժամիջոցներու պատճառին վերացումէն ետք, այդ պատիժները փաստօրէն թիրախ կը դարձնեն Սուրիոյ ժողովուրդը, իսկ անոնց վերացումը անհրաժեշտ է երկրի վերականգնումին համար»: