Սէուտական Արաբիոյ հրաւէրով Ռիատի մէջ Սուրիոյ շուրջ գումարուած արաբական-միջազգային ժողովին մասնակից երկիրներու վարչապետները զօրակցութիւն յայտնեցին Սուրիոյ նոր իշխանութեան եւ եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ հետեւեալները հաստատեցին։

-Աջակցութիւն կը յայտնենք Սուրիոյ ժողովուրդին ընտրութիւններուն եւ կը յարգենք անոր կամքը, շեշտելով Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան վերացման կարեւորութիւնը։

– Կը զօրակցինք սուրիական քաղաքական անցումային գործընթացին, որուն մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան սուրիական քաղաքական են հասարակական ուժերը եւ ուր պիտի պաշտպանուին բոլոր սուրիացիներուն իրաւունքները, մասնակցութեամբ սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն։

-Աշխատանք պիտի տանինք սուրիական բոլոր կողմերուն մտահոգութիւններն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները երկխօսութեամբ լուծելու, յարգելով Սուրիոյ անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը։

-Կոչ կ’ուղղենք Սուրիոյ դէմ պարտադրուած միակողմանի պատժամիջոցները չեղեալ համարելու եւ մարդասիրական ու տնտեսական օգնութիւններ տրամադրելու Սուրիոյ։

-Մտահոգ ենք “Իսրայէլի” Սուրիոյ արգելակիչ (պուֆերային) գօտի՝ Ճապալ աշ-Շէյխի յարակից շրջաններ եւ Քնէյթիրա, թափանցումներէն, կը զօրակցինք Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման։