Քալիֆորնիոյ մէջ հրդեհներու զոհերուն թիւը հասած է 24-ի, մէկ տասնեակէն աւելի քաղաքացիներ կը համարուին անհետ կորած, ըստ ABC News-ին յայտարարած է նահանգապետ Գեւին Նիւսոմը` չբացառելով, որ զոհերուն թիւը կրնայ աճ արձանագրել։
Reuters-ը նշած է, որ 12.300 կառոյց վնասուած կամ աւերուած է, 105.000 մարդ կը շարունակէ մնալ պարտադիր տարհանուած, 87 հազարը նախազգուշացուած է տարհանումի գծով։
Ներկայիս Լոս Անճելոսի տարածքին մէջ կը շարունակեն 6 մեծ հրդեհներ մոլեգնիլ։
Հրշէջները յայտարարած են, որ կրցած են երկու ամենամեծերը մասնակի տեղայնացնել եւ վերահսկողութեան տակ առնել զանոնք Ալթատինա եւ Փասիֆիք Փալիսեյտս շրջաններու մէջ։
ԱՄՆ նախագահ Ժօ Պայտըն ըսած է, որ տեղի ունեցողը իրեն պատերազմի տեսարան կը յիշեցնէ։ Ան խոստացած է, որ դաշնային կառավարութիւնը 6 ամսուան ընթացքին պիտի հատուցէ կորուստները։