Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան, Կիրակի, 12 Յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Սաղմոս» երգչախումբը հոգեւոր համերգով մը Սուրբծննդեան եւ Քրիստոսի անուանակոչութեան նախատօնակին առիթով աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ խաղաղութիւն հայցեց մեր Տիրոջմէն՝ Յիսուս Քրիստոսէն, որպէսզի մարդիկ համերաշխութեամբ, սիրով ապրին ու գործեն, իսկ երկիրը թօթափէ իր դժուարութիւններն ու քայլ առ քայլ բարգաւաճի։

Երգչախումբը հանդէս եկաւ 12 երգերով, խմբավարութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սօսի Սահակեան-Փիլաւճեանի, Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Համերգին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ․ Տէր Արմէն Աբղ․ Գալաճեան, Տէր Մաշտոց Աւ․ Քահանայ Արապաթլեան, Ազգ․ Վարչութեան, թաղականութեան, եկեղեցւոյ Տիկնաց Յանձնախումբի, ՍՕԽ-ի ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։

Նախքան բացման խօսքը, Տէր Մաշտոց Աւ․ Քահանայ Արապաթլեան յայտնեց, որ արհաւիրքով լեցուն այս աշխարհին մէջ մեկնարկել հոգեւոր երգչախումբ եւ զԱստուած փառաբանել դրական երեւոյթ է, որպէսզի դժուարութիւններու բովէն անցած մարդիկ, որոնք մոռցան ժպիտն ու հոգեկան խաղաղութիւնը, բարեփոխուին Աստուածային խօսքով ու հոգեւոր երգերով։

Բացման խօսքով եկեղեցւոյ քարոզչական յանձնախումբի անդամ Մարիա Պօտիկեան-Գայթանճեան յայտնեց, որ «Սաղմոս» երգչախումբը հիմնուած է տարիներ առաջ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաշտոց Աւ․ Քահանայ Արապաթլեանի գաղափարով եւ ջանքերով, կ՛ընդգրկէ երաժշտասէր անդամներ։ Եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը Նոր Տարուան ուրախ առիթով վերակազմեց երգչախումբը, որպէսզի նոյնիսկ երկրի ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ պատրաստուի այս համերգը՝ Նոր տարին դիմաւորելու նոր արեւի ճառագայթներով, յոյսով եւ ազատութեան խորհուրդով։ Ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավար մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ դաշնակահար Սօսի Սահակեան-Փիլաւճեանին։

Համերգը կ՛ընդգրկէր հետեւեալ երգերը․
«Տէրունական Աղօթք»- Կոմիտասեան, «Ծննդեան Աղօթք»-Արմէն Աբղ՛ Գալաճեան, «Եկեղեցին Հայկական»-երժ․ Վ․ Պետելեան, Ս․ Պատարագէն Հատուածներ-Կոմիտասեան, «Նարեկ»-էն ընթերցում, զոր ընթերցեց Տէր Մաշտոց Ա․Ք․Արապաթլեան, «Խորհուրդ Մեծ»-մշկ․Զարեհ Արք․ Ազնաւուրեան, «Լոյս Ի Լոյսոյ»- շարական- Մովսէս Խորենացի, «Զան ճառելի Լուսոյ Մայր»-Կոմիտասեան, «Այսօր Տօնն է Ս․ Ծննդեան»-Զարեհ Արք․ Ազնաւուրեան, «Ով Զարմանալի»-Կոմիտասեան, «Այսօր Ձայնն Հայրական»-Կոմիտասեան, «Փրկուած Մեղաւորին Փառաբանանքը»-խօսք եւ երժշտ․ Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան, «Քրիստոս Ծնաւ»- մշկ․փրֆ․Խորէն Մէյխանաճեան։

Համերգի աւարտին Հոգշ․ Տէր Արմէն Աբղ․ Գալաճեան սրբազան հօր անունով գնահատեց երգչախումբի ելոյթը ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, ողջունեց երգչախումբի հիմնադրութեան եւ այս ելոյթի կազմակերպման գաղափարը յղացող Տէր Մաշտոց Աւ․ Քահանայ Արապաթլեանի աստուածահաճոյ առաքելութիւնն ու վճռակամութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավարին, դաշնակահարին եւ երգչախումբի անդամներուն, խաղաղ երկինք եւ նորանոր յաջողութիւն մաղթելով երգչախումբին։

Աւարտին հրաւիրեալները եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ սուրճի սեղանի մը շուրջ զրուցեցին, որուն ընթացքին հայր սուրբը վերյիշելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ կաթողիկոսին հռչակած «Աւանդոյթներու Պահպանման» տարին այս հանդիպումը նման աւանդոյթներու մէկ շարունակութիւնը համարեց։

 

Սոնա Ճարպիկեան