ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գլխաւոր յանձնակատար Ֆոլքըր Թորք Երեքշաբթի, 14 Յունուարին ժամանեց Դամասկոս, ուրկէ Լիբանան պիտի ուղղուի։
Իր կարճատև այցելութեան ընթացքին, Թորք պիտի հանդիպի երկու երկիրներու պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու, դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ ՄԱԿ-ի կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ:
Ասիկա ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գլխաւոր յանձնակատարին առաջին այցելութիւնն է Սուրիա, իսկ երկրորդը՝ Լիբանան, առաջինը 2002-ին էր։