(Յորդանանցի արաբ գրողի «Զինուորներու Զրոյց» գիրքէն, տպուած՝ 2014-ին)։
-Անմահութեան Ծառը Կը Դալարի Համբերութեան Գետով-
Ամբողջ տարի մը անցաւ այս պատերուն հարեւանութեամբ։ Սորվեցաւ այն ամէնը ինչ կը վերաբերի այս փոքրիկ խուցին, սկսեալ անոր լեզուէն եւ վերջացած գիրէն, եւ այն ինչ որ կայ այս երկուքին միջեւ։ Իսկ այս տարի ինքզինք վարժեցուց  ձերբազատիլ կարօտէն, որովհետեւ կը հաւատար, թէ կարօտը կը խանգարէր իր մտքերը։ Վերագտաւ մտային  պայծառութիւնը, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել յանկարծակի որեւէ ցնցում։
Պատերուն վրայ գրեց իր օրագրերը, կարդաց մեզի երբ հանդիպեցանք իրեն. անոր մէջ գտանք տարբեր ոգի մը։ Նուազագոյն բանը, զոր  բանտը կրնայ փոխել  մարդուն  մէջ այն է՝ ինչ որ կ’ընեն առանձնութեան ժամերը հոգիին համար։ …Իսկ հոգիին հետ հանդիպման  ժամերը կարելի չէ գտնել որեւէ տեղ, այլ պարզապէս՝ առանձնութեան պահերուն, որոնց խաւարին մէջ կը ծագին բառերը եւ ինչ որ կը գրուի այնտեղ՝ այդ մթութեան մէջ, կը պահպանուի  յաւիտենական լոյսով, որ  չ’անհետանար ժամանակին հետ, իսկ օրերու յաջորդականութիւնը չի կրնար մարել անոր ճառագայթումը։
Առաջին օր
Բանտը դուրս կը հանէ մարդուն մէջ գտնուող լաւագոյն  եւ վատագոյն բաները։ Իսկ փորձարկութիւնը այս բանին լաւագոյն առիթը կը հանդիսանայ։ Հերոսներ չենք, ինչպէս որ մարդիկ կ’երեւակայեն, յաճախ կը ձախողինք ամէնէն անիմաստ պատճառներով, եւ ընդհանրապէս զգացումը կը տիրապետէ մտքին վրայ, իսկ վախը կը պատէ մեզ՝ ստուգողին ամենափոքր ակնարկէն։ Ոչ մէկ հարց ունիմ ստուգման հետ, ոչ ալ չարչարանքին։ Մեծագոյն հարցս անձիս հետ է. կը փորձեմ որ ան իր յարգանքը չկորսնցնէ իմ նկատմամբ, փլուզուելով ստուգման նիստերուն. իրականութեան մէջ կը ներէ իմ կարգ մը թեթեւ անկումներս, սակայն ան զիս կը տանջէ այնպիսի մեծ տանջանքով, երբ  ամբողջովին անկում կ’ապրիմ մեծ խոստովանութիւններու առջեւ։ Ինծի կը թուի, թէ բանտը  կը նմանի կնոջ՝ կը ներէ կարգ մը փոքր թերութիւններդ, բայց չի կրնար ներել  երբ շատնան  սխալներդ, կամ  հպին իր արժանապատուութեան։
Օրագիր- 2- 
Բանտապահները  գործիքներ են, որոնց հետ կը խաղան մեծերը, ճիշդ այնպէս ինչպէս՝ղեկավարները ժողովուրդներուն հետ։ Երբ ոստիկանը պատիժ մը  պարտադրէ, գիտցիր թէ ազգ մը իր ամբողջութեամբ կրնայ առաջնորդուիլ անուս մարդու մը մտրակով. ազգ մը իր գիտուններով, մտածողներով եւ բանաստեղծներով կրնայ իյնալ մարդկայնութենէ զուրկ դահիճի մը ձեռքը, որ  քմահաճօրէն  կը վարուի եւ իր կամքին համաձայն կ’առաջնորդէ, նոյնիսկ  առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ կ’ուզէ եւ ինչո՞ւ կ’ընէ այս մէկը։
Օրագիր-3-
Ինծի կը պարզուի, թէ իւրաքանչիւր ձախողումի պատճառը գաղափարին նկատմամբ բաւարար համոզուածութիւն չունենալն է։ Անոնք, որոնք հաւատացած են իրենց գաղափարներուն եւ իրենց սկզբունքներուն հաւատարիմ մնացած են՝ ամենաահեղ դահիճներն անգամ չեն կրցած շեղել զիրենք իրենց սկզբունքներէն։ Իսկ անոնք, որոնք չեն ունեցած  ջերմ  հաւատք իրենց գաղափարներուն նկատմամբ, մէկ, երկու կամ երեք քայլ ետք՝ փլուզուած են. ճամբուն սկիզբը կամ վերջը կարեւորութիւն չունի, կարեւորը արդիւնքն է, որուն հաւատացած էին. Եւ թերեւս անոնք վերածուած են դահիճներու, որոնք կը վնասեն իրենց ընկերները պայքարին մէջ՝ աւելի քան դահիճները։ Զիս  մտրակով չարչարելը շատ աւելի դիւրին է, քան չարչարելը՝ ուրանալու համար այն գաղափարը, որուն միասին հաւատացինք եւ ուխտեցինք զոհուիլ անոր համար, ինչ գին ալ ունենար այդ ճամբան մեզի համար։
Օրագիր-4-
Բերանս լեցուն է մոխիրով, կը փորձեմ կուլ  տալ, բայց չեմ յաջողիր։ Բերնէս փիւնիկ դուրս չ’ելլեր, ատիկա առասպել մըն է, իսկ ես հոս ինկած մըն եմ, խորտակուած մը, կը  տքնիմ բերանս փակող եւ զիս խեղդել փորձող մոխիրի կոյտը հեռացնել. արտաբերեցի անկէ որքան որ կրնայի, աւելցուքը  տեղադրուած է  լեզուիս տակ  ու սրտխառնուք կը  յառաջացնէ։ Ջուր կը խնդրեմ, ոչ ոք կայ այստեղ զիս պատասխանող. ձայներ կան այնտեղ, որոնք հեռուէն  կը ծիծաղին վրաս։ Կը փորձեմ շարժել ձեռքս, որ  այս  մոխիրէն մաս մը հեռացնեմ, բայց ձեռքերս ամրացուած են կռնակիս ներքեւ։ Երբ ուղեղիդ դարպասը կը բանաս եւ այնտեղ կը մտցնես կարգ մը փճացած մտքեր, անոնց ազդեցութենէն ազատումը անհնարին կը թուի, ինչպէս որ է այժմ վիճակս։ Իշխանութեամբ վարակուածներ կը փորձեն ազատում գտնել, մինչ անոնք կը պարեն սուրի շեղբին վրայ։
Օրագիր-5-
«Մարդոց գիրք մը կարդալը  համազօր է պետութեան բանտ մը փակելուն». չեմ գիտեր թէ ո՛վ ըսած է այս նախադասութիւնը ասկէ առաջ։ Մինչ ես՝ այստեղ ժամանակս կ’անցընեմ գիրք կարդալով, կը տեսնեմ, թէ բանտերուն թիւը կ’աւելնայ եւ  տեղը կը նեղնայ։ Արաբական երկիրներու մէջ կարծեմ  բանտերը կը լեցուին զարգացածներով, հետեւաբար՝ պարբերութիւնը բնականօրէն կը վերածուի՝«Մարդոց գիրք կարդալը կը նշանակէ, որ պետութիւնը բանտ մը բանայ» միտքին։ Բանտ մը, ուր կը բաւեն բոլոր զարգացածները, որոնք չեն ծափահարեր իշխանութեան։ Իշխանութեան եւ զարգացածին միջեւ  թշնամութիւն գոյութիւն ունի այն օրուընէ, երբ   առաջին մարդուն մտքին մէջ գոյութին ունեցած է բանտի գաղափարը, բայց ինչո՞ւ բանտարկեալները չեն հասկնար չէզոքութեան  գաղափարը, որ թերեւս կը կամրջէ միջոցին եղած դատարկութիւնը։ Կ’ընդունիմ քեզմէ տարբեր ըլլալ, բայց քեզմէ տարակարծիք ըլլալս չի նշանակեր՝ քեզի հետ թշնամի ըլլալ։ Եւ զգուշացիր զիս սխալական անուանելէ, միայն անոր համար, որ չես հաւնիր իմ կարծիքը, քանզի մարդոց  տեսակէտները կը ներկայացնեն զիրենք, իսկ դուն չես կրնար մարդիկը համախմբել մէկ պատկերով, եւ պայման չէ որ քեզի նմանիմ, ոչ ալ դուն ինծի նմանիս։
Օրագիր-6-
Մենք  ժամանակ առ ժամանակ  կը կարօտինք նորոգութեան։ Մարդը բաղկացած է նիւթէ, իսկ նիւթերը ենթակայ են փճացման, եթէ հոգատարութեան չենթարկուին։ Մտքերը կը ժանգոտին, հոգին կը  տկարանայ, սիրտը կը ծերանայ, իսկ բառերը կը գունատին։ Հարկ է վերստեղծել։ Բանտին մէջ   եղած առիթը առատ է։ Ինչպէս միտքը մտածելով կը պայծառանայ, իմաստութեան ջուրով կը ջրուի, հոգին առանձնութեան ժամերով կը յստականայ, սիրտը սիրոյ զեփիւռներով կը վերագտնէ իր երիտասարդութիւնը, բառամթերքը  ընթերցանութեամբ կ’աճի եւ անմահութեան ծառը  համբերութեան գետով կը դալարի։
Օրագիր-7-
Գիրքէն աւելի մտերիմ ընկեր չկայ, եւ բանտի ճամբայէն աւելի՝ լքուած  ճամբայ, իսկ ես հոս կրկնակի առանձնութիւն կը դիմագրաւեմ։ Բանտ, որուն պատերը սրտիդ վրայ գերեզմանի պէս կը ճնշեն, եւ սիրելի գիրք, որ մատներուդ մէջէն կը փախչի անհասանելի երազի մը պէս։ Գիրքով կրնաս բանտէն ազատիլ, իսկ եթէ  անհետանայ գիրքը, կրկնակի կը դառնայ բանտարկութիւնը։ Մեր կեանքերը  կը փոխենք՝ մենք, փոփոխութեան կ’ենթարկենք մեր աշխարհը եւ կը նորոգենք մեր երազները, մեր կեանքը կ’երկարի գիրքով։ Միայն գիրքը կրնայ քեզ ազատագրել տարածութեան, ժամանակի, մտքի, հոգիի եւ մարմնի կապանքներէն։
Ո՞ւր է ինծի բաժին ինկած օրը՝ մահացու ստրկութեամբ լի։
Այման ալ-Աթում
Արաբերենէ թարգմանեց
Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան