Առաջին մոպայլս մեռաւ
դարակը նետեր եմ
դարակը դագաղ
աստ հանգչի _
Աստուած
ըսքըրինը լուսաւորէ _
ողորմածը
հին Նոքիաներուն
միացաւ
լոյսը գրկեց
2-
Երկրորդ մոպայլս
գինով էր _ մեռաւ
ծախեցի կէս գինով
ծխեցի քառասունքին
մոխիրը թեթեւ գայ
ըսքըրինին վրայ
3-
Բացի պատճառներէն
մոպայլներու
մահն ալ մէկ է _
քսակս լայն բացի
նորը որդեգրեցի
քանի որ անոնք
մայրանոցներու մէջ
չեն ծնիր
4-
Մոպայլին
պոյը չինար չէ _
մոպայլը _ որ երբեք
ձեռքէդ վար չ’իյնար
օրն ի բուն _
կրնայ օր մը
ջուրը իյնալ
կամ կայծ արձակել
ներքուստ
ինքնասպանաբար
5-
Նորոգողը հարցուց
եթէ մէջի մեղքերը
ի վերին Երուսաղէմ
ղրկեր եմ
Cloud-էն անդին
_ Ոչ _ ըսի
Նորոգողը գլխահակ _
Սամսունկը մնացողաց _
ըսաւ _
մեմորին արդարոց
օրհնութեամբ եղիցի
6-
Մոպայլս
կէս կեանք ունէր
ուրիշին նուիրեցի
_ Մէջի SIM-ը քեզի
ոսկորը ինծի _ ըսաւ
Ուշ անդրադարձայ որ
հակառակէն SIM-ը՝ միս
Ուրեմն միսը ինծի
մոպայլը իրեն
իսկ կեանքը քեզի _
իմ սիրելի ընթերցող
Յարվարդ