ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

-Սուրիոյ Պասքեթի Անցումային Դաշնութիւնը անցեալ շաբթուան ընթացքին տղոց հաւաքականի մարզիչ նշանակեց Հէյսամ Ժմայէլը, իսկ օգնականներ՝ Ապուտ Շաքուրն ու Աշրաֆ Տաքազալին: Անոնք առաջին օրէն իսկ ընտրեցին 15 խաղացողէ բաղկացած կազմ մը, որ մօտ օրէն Դամասկոսի մէջ պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը:
-Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Դաշնութիւնը վերակազմեց Հալէպի Մարզական Կոմիտէն, ինչպէս նաեւ կարգ մը մարզաձեւերու դաշնութիւնները:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՄԱՆՈՒԷԼ ՆՈՅԵՐ ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՍՏՈՐԱԳՐԷ
Գերմանիոյ Պայերն Միւնեխի դարպասապահ Մանուէլ Նոյեր հաստատեց, որ պիտի երկարաձգէ գործակցութիւնը գերմանական ակումբին հետ: «Շուտով նոր պայմանագրութիւն պիտի ստորագրեմ Պաւարիոյ հետ», 38-ամեայ գերմանացի ֆութպոլիստին այս խօսքը մեջբերեց Sport1-ը։ Ըստ տեղեկութիւններու, պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ Յունիս 2026։ Մանուէլ Նոյերի գործող պայմանագրութիւնը պիտի աւարտի այս տարուան Յունիսին: Մանուէլ Նոյեր խումբին հետ տիրացած է Գերմանիոյ 11 ախոյեանութեան, հինգ բաժակի, իսկ Չեմփիընզ Լիկի հետ երկու բաժակի։ Ան Գերմանիոյ հաւաքականին հետ դարձած է 2014-ի աշխարհի ախոյեան:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՍՊԱՆԻՈՅ ՍՈՒՓԸՐ ԲԱԺԱԿԻՆ ՏԻՐԱՑԱՒ

Կիրակի օր, Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ Սուփըր գաւաթի աւարտական Քլասիքոյի մրցումը, ուր Պարսելոնան 5 – 2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէալ Մատրիտը: Ռէալի ֆրանսացի յարձակող Քիլիան Մպափէն 5-րդ վայրկեանին նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը, որմէ ետք ոտքը վնասուեցաւ, ինչ որ ազդեց իր խաղարկութեան մակարդակին վրայ: 22-րդ վայրկեանին, քաթալոնէական խումբի խաղացող Լամին Եամալ նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Հանդիպման 37-րդ վայրկեանին, Պարսելոնան առաջ անցնելով տուգանային հարուածով կրկնապատկեց արդիւնքը, որմէ քանի մը վայրկեան ետք Ռաֆինեան արձանագրեց երրորդը: Նախքան կիսախաղին աւարտը, Պալտին ցնցեց դարպասը չորրորդ գնդակով: Երկրորդ կիսախաղին, Ռաֆինեան 57-րդ վայրկեանին նշանակեց Պարսելոնայի հինգերորդ կոլը: Քաթալոնէական ակումբի դարպասապահ Չէզնի իր կոշտ մօտեցումին հետեւանքով կարմիր քարտով հեռացուեցաւ դաշտէն եւ կազմը մնաց 10 խաղացողով: Ռոտրիկոն նշանակեց Ռէալի երկրորդ կոլը հեռակայ հարուածով մը։ Խաղը շարունակուեցաւ մինչեւ աւարտ՝ 5 – 2 արդիւնքով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան