Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործով նախնական դատական նիստը, որուն մասին որոշ մանրամասնութիւններ կը յայտնէ ատրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութիւնը: Աղբիւրին համաձայն` նիստը անցած է «բաց դրութեամբ»:
Լրատուամիջոցը լուսանկարներ հրապարակած է, անոնց մէջ պատկերուած են Վարդանեանը եւ ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող Արցախի միւս գերեվարուած նախկին պաշտօնեաները:
ԱՓԱ-ն կը գրէ, որ երէկուան նիստին, որ տեղի ունեցած է Պաքուի Դատական համալիրին մէջ գտնուող զինուորական դատարանի նոր վարչական շէնքին մէջ, պարզուած են Ռուբէն Վարդանեանի անձնական տուեալները:
«Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան համաձայն, թէեւ յայտարարուած է, որ դատը կ՛անցնի «բաց դրութեամբ», սակայն երէկուան լսումները անցած են փակ դռներու ետին, նիստերուն թոյլատրած են մասնակցիլ միայն Ատրպէյճանի երկու պաշտօնական լրատուամիջոցներու` «Ազ. Թի. Վի.»-ի եւ «Ազերթաճ»-ի աշխատակիցներուն:
Արցախի նախկին պետական նախարար, գործարար Ռուբէն Վարդանեանը կը դատուի առանձին: Այս դատավարութեան ընթացքին մեղադրանքը պիտի պաշտպանեն վեց դատախազներ, որոնցմէ երկուքը գլխաւոր դատախազ Քեմրան Ալիեւի օգնականներն են:
Նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ միւսներուն գործով նախապատրաստական դատական նիստը պիտի շարունակուի 21 Յունուարին: