Տանըլտ Թրամփ 20 Յունուարին պաշտօնապէս ստանձնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահի պարտականութիւնները։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, Թրամփ երդում տուաւ հաւատարիմ մնալու Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան եւ ծառայելոգ ժողովուրդին։

Քաբիթոլիումի մէջ տեղի ունեցած երդմնակալութեան արարողութեան ներկայ էին ԱՄՆ 46-րդ նախագահ Ժո Պայտըն, ԱՄՆ 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամա, 43-րդ նախագահ Ճորճ Պուշ եւ անոր կինը՝ Լորան, ԱՄՆ 42-րդ նախագահ Պիլ Քլինթըն, Թրամփի հիմնական մրցակից Քամալա Հարիս, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, միջազգային պատուիրակութիւններ եւ հազարաւոր ամերիկացիներ։ Հիւրերու շարքին էին նաեւ SpaceX-ի եւ Tesla-ի հիմնադիր Իլոն Մասք, Meta-ի հիմնադիր Մարք Ցուքերպերկ եւ անոր կինը՝ Փրիսցիլա Ժան, Amazon-ի հիմնադիր Չեֆ Պեզոս եւ անոր կինը՝ Լորէն Սանչէս եւայլք։

Արարողութեան կ’ուղեկցէին տօնական ձեռնարկներ եւ համերգներ: