ՍԱՆԱ- Սուրիոյ նոր վարչակազմի ղեկավար Ահմետ Աշ-Շարաա շնորհաւորեց ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն եւ սահմանադրական երդմնակալութեան առիթներով։ Աշ-Շարաա նախագահ Թրամփին ուղղուած շնորհաւորական հեռագրին մէջ, որ հրապարակուած է Telegram-ի «Գլխաւոր հրամանատարութիւն – Սուրիա» ալիքին վրայ, ըսաւ. «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ղեկավարութեան և ժողովուրդին անունով կը շնորհաւորեմ պարոն Տանըլտ Թրամփը երդմնակալութեան առիթով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահի ընտրութիւնը կը վկայէ նոր ղեկավարութեան նկատմամբ ամերիկեան ժողովուրդի վստահութեան մասին»:
Աշ-Շարաա ընդգծեց, որ անցնող տասնամեակը մեծ տառապանք բերաւ սուրիացի ժողովուրդին՝ տեղի ունեցած հակամարտութեան պատճառով, որ մեծ իրարանցում յառաջացուց տարածաշրջանին մէջ՝ յայտնելով իր վստահութիւնը, որ Թրամփ այն նախագահն է, որ խաղաղութիւն կը բերէ եւ կը վերականգնէ տարածաշրջանի կայունութիւնը։
Ապա աւելցուց. «Մենք անհամբեր կը սպասենք երկու երկիրներու միջեւ մեր երկկողմ յարաբերութիւններու բարելաւման` հիմնուած երկխօսութեան և փոխըմբռնումի վրայ։ Կը հաւատանք, որ ամերիկեան այս վարչակազմին ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներ եւ Սուրիա կ՚օգտուին այս կարելիութենէն՝ ձեւաւորելու այնպիսի գործընկերութիւն, որ կը հասնի սուրիացի եւ ամերիկացի ժողովուրդներու նկրտումներու մակարդակին»:
Աշ-Շարաա հեռագիրըեզրափակելով ըսաւ. «Սրտանց կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք նախագահ Թրամփին, իսկ ամերիկացի ժողովուրդին՝ ուժ եւ բարգաւաճ օրեր»: