ՍԱՆԱ-ի համաձայն, ՄԱԿ-ի տեղահանուածներու յանձնաժողովի տնօրէն Ուիլիամ Սփենտլըր թրքական «Անատոլ» գործակալութեան յայտնեց. «Եթէ կը փափաքինք, որ բոլոր սուրիացիները վերադառնան իրենց երկիրը, պէտք է Սուրիոյ մէջ տնտեսական իրավիճակը բարելաւուի եւ տունդարձի յարմար պայմաններ ստեղծուին»։

Սփենտլըր կոչ ուղղեց Սուրիոյ դէմ սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցները չեղեալ համարելու, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այս պատժամիջոցներուն պատճառը տապալած իշխանութիւններն էին։

Ան յայտնեց, որ յանձնաժողովը կը ջանայ սուրիացիներուն յօժարակամ տունդարձը ապահովել, շեշտելով Սուրիոյ կայունութեան եւ ենթակառոյցներու վերականգնումի անհրաժեշտութիւնը։