ՍԱՆԱ- Արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Աշ-Շայպանի հաստատած է, որ Սուրիոյ մէջ քիւրտերը գեղեցկութիւն եւ փայլք կը հաղորդեն սուրիացի ժողովուրդի բազմազանութեան խճանկարին:
Աշ-Շայպանի (x) թուիթըրեան իր միքրոպլոկին վրայ յայտնած է. «Սուրիոյ մէջ քրտական համայնքը նախկին՝ Ասատի իշխանութեան կողմէ ենթարկուած է անարդարութեան, ուստի մենք միասին պիտի աշխատինք կառուցել այնպիսի երկիր մը, ուր բոլորը պիտի ապրին հաւասարութեան եւ արդարութեան ներքոյ»: