Սուրիական անցումային կառավարութեան ելեկտրականութեան նախարար երկրչփ. Օմար Շաքրուք ընդունեց քաթարեան կարմիր մահիկի տնօրէն Մազէն Ապտալլա Մուհամմետը։
Նախարարութեան յարկին տակ տեղի ունեցած հանդիպումին, կողմերը խորհրդակցեցան գործակցութեան միջոցներուն, Սուրիոյ մէջ ելեկտրականութեան ոլորտի զարգացման եւ ենթակառոյցներու վերակառուցման շուրջ։