Կիրակի, 19 Յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Ճեզիրէի Քրիստոնէական Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած միջեկեղեցական աղօթքի երեկոյեան ասորի համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ Աղօթք՝ եկեղեցիներու միասնականութեան համար։
Աղօթքին մասնակցեցաւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, որ ընթերցեց օրուան Աւետարանը։
Հայր սուրբին կ’ընկերակցէր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ներկայացուցիչ Յարութ Աբրահամեան։