Ճեզիրէի քրիստոնեայ եւ հայ համայնքներու հոգեւոր պետերը, քահանաներն ու թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչները Երկուշաբթի, 20 Յունուար 2025-ին հանդիպում մը ունեցան։ Հանդիպման ընթացքին քննար-կուեցան եկեղեցիներու ներկայ իրավիճակը, անոնց զաւակներու կարիքները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներուն հետեւանքով Ճեզիրէի շրջանի տագնապալի վիճակին հաւանական բարդացումներն ու անոր հետեւանքները։