Ատրպէյճանի մէջ «ռազմական յանցագործութիւններու» համար մեղադրուողներու դատավարութիւնը պիտի կատարուի երկրի օրէնքներուն եւ միջազգային ուխտերուն համապատասխան: Այս մասին «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութեան համաձայն ըսած է Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւ:
Յիշեցնենք, որ 17 Յունուարին Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ տեղի ունեցած է բռնագրաւեալ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու դէմ շինծու գործերով դատավարութիւնը:
Ատրպէյճան Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը մեղադրէ «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու» եւ «ցեղասպանութեան» համար:
Քրէական գործով մեղադրական եզրակացութիւնը 16 Դեկտեմբերին հաստատուած է Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազին կողմէ եւ ուղարկուած Պաքուի զինուորական դատարան՝ քննութեան:
Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազին որոշումով՝ 1987-ի Հոկտեմբերէն մինչեւ 22 Ապրիլ 2024 ինկած ժամանակահատուածին մէջ կատարուած «յանցագործութիւններու» առնչութեամբ ընդհանուր դատախազութեան եւ երկրի այլ քննչական մարմիններուն կողմէ քննուած 1389 քրէական գործերը միաւորուած են մէկ վարոյթի մէջ: