Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը իր պաշտօնական էջին վրայ անդրադարձած է կազմակերպուած յանցագործութեան մէջ ներգրաւուած երկու անձերու Հայաստանէն Թուրքիոյ արտայանձնման՝ բարձր գնահատելով այս հարցին մէջ Հայաստանի ցուցաբերած գործակցութիւնը:
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Հայաստանը Թուրքիոյ արտայանձնած է երկու անձեր, որոնք Թուրքիոյ մէջ ներգրաւուած են կազմակերպուած յանցագործութեան մէջ:
«Արձագանգելով «Ինթերփոլ»-ի Կարմիր ծանուցումով ներկայացուած խնդրանքին՝ 19 Յունուար 2025-ին Հայաստան
Թուրքիոյ արտայանձնած է երկու անձեր, որոնք Թուրքիոյ մէջ ներգրաւուած են կազմակերպուած յանցագործութեան մէջ», նշուած էր Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան յայտնեց, որ Էրջան Եըլմազն ու Իպրահիմ Քայմաքը Հայաստանէն Թուրքիա տեղափոխուած են թրքական ոստիկանութեան կողմէ, Եըլմազը կազմակերպուած յանցագործ խումբի ղեկավար է, իսկ Քայմաքը՝ խումբի անդամ, անոնք Թուրքիոյ մէջ համապատասխանաբար առնուազն 15 եւ 6 տարուան բանտարկութեան կրնան ենթարկուիլ: