Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները անցումային այս շրջանին կը դիմագրաւեն կարեւոր մարտահրաւէրներ, յատկապէս նկատի ունենալով յետ-պատերազմեան Սուրիոյ պարզած տնտեսական կաթուածահար վիճակն ու ծառայողական դաշտին ողբերգական պատկերը գրեթէ բոլոր նահանգներուն մէջ։
Իշխանութիւններուն առջեւ ծառացած այլ մարտահրաւէր մըն է նաեւ անցումային փուլի հիմքերուն ստեղծումը, որ ճամբայ պիտի հարթէ ներկայ ժամանակաւոր իրավիճակէն դէպի վերջնական քաղաքական կառավարման համակարգ անցումին։ Սուրիական ընկերութեան տարբեր բաղադրիչներուն միջեւ կայ համընդհանուր համոզում, որ քաղաքական անցումային գործընթացի հիմքերը հնարաւորինս արագ պէտք է հաստատել՝ երաշխաւորելու համար երկրի կայունութիւնը:
Սուրիոյ նոր վարչակազմը քանիցս յայտարարեց անցումային փուլի հիմքերը դնելու համար ազգային երկխօսութեան համաժողով մը գումարելու իր մտադրութիւնը:Սակայն այս համաժողովը յետաձգուեցաւ՝ հաւանաբար սուրիական ընկերութեան կարգ մը բաղադրիչներու հետ առանձին երկխօսութեան անհրաժեշտութեան համար, յատկապէս անոնց, որոնք զինեալ ներկայութիւն են երկրին մէջ եւ հարկաւոր է նախ հասնիլ այդ հարցերու լուծման, որպէսզի ըստայնմ կարելի ըլլայ անցնիլ վերջնական քաղաքական կառավարման համակարգին շուրջ երկխօսութեան, ապա սահմանադրութեան մշակման եւ նոր կառավարութեան ընտրութեան։
Այլ մարտահրաւէր մըն է սուրիացի գաղթականներու վերադարձը, որուն համար անհրաժեշտ է բարելաւել երկրի ծառայողական ոլորտն ու տնտեսութիւնը, որպէսզի վերադարձողները շահագրգռուած ըլլան եւ բնակարանի ու աշխատանքի դժուարութեան դէմ յանդիման չկանգնին։
Առկայ է նաեւ սուրիական բանակին կազմութեան եւ տարբեր զինեալներ անոր մէջ համարկելու մարտահրաւէրը, որուն համար, ըստ պաշտօնական լրատուամիջոցներու, բանակցութիւններ կ’ընթանան տակաւին։
Բնականաբար Նոր Սուրիոյ մէջ սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչները իրենց իրաւունքներն ու իւրայատկութիւնները պաշտպանուած պիտի ուզեն տեսնել սահմանադրութեան եւ երկրի քաղաքական կառավարման վերջնական համակարգին մէջ, սակայն բոլորը ունին նաեւ պարտաւորութիւն՝ սատարելու Սուրիոյ մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման եւ երկրի վերակառուցման առաջին քայլերուն։
Երկրի տնտեսական եւ յատկապէս ծառայողական ոլորտի բարելաւման մէջ մեծ ներդրում պիտի ունենայ նաեւ Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան երկիրներու սասհմանած պատժամիջոցներու չեղեալ համարումը, որոնց վերացման համար սուրիացիներ եւս՝ իշխանութիւն եւ ժողովուրդ ամուր ենթահող կրնան ստեղծել՝ գործակցելով, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան մթնոլորտի մէջ երկրի վերակառուցման նուիրուելով եւ սուրիական ընկերութեան իւրայատկութիւնը օրինակ ծառայեցնելով։
Կը սպասենք եւ կը հաւատանք…։