ԵՐԵՔ ՀԱՏ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ
1
Անափ ծովու մէջ 

եղածս ատեն
տեղա՛ ով անձրեւ
առաջքս առած եմ
ձեռքս է – տե՛ս –
հովանոցս`
սեւ ամպս հովանի
2
Հիմա չէ հիմա
հրեշտակը
ուր որ է պիտի
մարդանայ
կնճռոտ
հազարամեայ դէմքով
գիրկը մարդուն
3

եւ վերջապէս գիրքը
լոյս աշխարհին բացաւ
իր լոտուս աչքը ծփուն
սեւ հայելիէ մակերեսին
ուր քար լռութիւն էր
ինկեր գիրկը
շրջանաձեւ տերեւներու
լուսանկարներ`
Flor Garduրo, Mexico
***
ԲՈՎ/ՎԱՆԴԱԿ
թռչունը խղճամտոր
թռչունն անվանդակ
լո՜ւ… լո՜ւռ հայեցաւ

մարդուն բովանդակ
մարդուն մեղամխիրճ
ու դիւրափուխ
թէ ի՞նչպէս քշել
վանդակի մէջ հեծանիւ
առանց սուլելու… լո՜ւ
ազատութեան սոյլը հին
եւ հիմա
վանդակին վրայ
քաղցրաքարոզ կը սուլէ
թռչունը… լո՜ւ
ու հայելու երկինք
կու տայ
մարդուն բովանդակ
մարդուն հեծելազուրկ
ու բանտածին
***
ԵՐԿԴԻՄԻ
[1]Հնավաճառ խանութպանը պոռալով չի շրջիր, լուռ կը սպասէ որ իւղոտ զոհը իր կամքով սարդոստայնին մէջ իյնայ, սուղնոց բազկաթոռին վրայ երբ նստի ինքզինք փարաւոնի կին կարծէ, «Յարգանքներս, սուրճ մը բերէ՛ք Տիկնոջ»։
Խանութի բոլոր ծանրակշիռ ցուցադրուածները մինչդեռ կիսամութին մէջ «աղբ» են, բայց երբ որ յաճախորդը զանոնք ձեռնէ, իսկոյն շողարձակ ոսկիի կը վերածուին, հրաշաբար։
[2]Իսկ փերեզակը` յաճախորդը լռակեաց չի սպասեր, խանութ չունի, շրջուն մանրավաճառ է` զոհին քով կ’երթայ, լեզու կը թափէ, թաղէ թաղ պոռալով, ձեռքի վրայ կը ծախէ այն ինչ որ դերձակն արդէն ունի, «Հնաոճ մկրատ ունիմ, չար լեզուներու մկրատ…»։
Ուսին վրայ շալկած` ունեցածչունեցածը իրեն համար ոսկի է (թէեւ կշիռքով` թեթեւ, դիւրաւ փոխադրելու), բայց երբ որ յաճախորդին քով հասնի, ոսկին` ոսկորի կը վերածուի, հրաշաբար։
[3]Գնելու գան` ոսկի է, ծախու հանես` ոսկոր է:
Յարվարդ