Չինական առածը կ’ըսէ. «Նախընտրելի է մարդուն ձկնորսութիւն սորվեցնել, քան թէ ձուկ ուտելու հրաւիրել»: Այս եղած է հայ բժշկապետ Ասատուր Թադէոս Ալթունեանի համոզումը: Ան թոռն է բամպակի վաճառական Մահտեսի Աղա Մշմշուկեանի: Ծնած է Սեբաստիա, 1854-ին։ Հայրը, հօրեղբայրը, հօրեղբօր երկու տղաքը եւս եղած են բժիշկներ:
Ա. Ալթունեան 1881-ին կ’աւարտէ Այնթապի բժշկական հիմնարկը եւ կը նշանակուի դասախօս նոյն հիմնարկին մէջ։ Շրջան մը կը մեկնի Միացեալ նահանգներ, կ’աշակերտէ եւ կ’աշխատի «New York college of physicians & surgeries», «Roosevelt Hospital», «Haythman laboratories», ապա կ’անցնի Գերմանիա, կ’աշակերտէ Heidelberg-ի մէջ Chern-ի եւ Earb-ի, ետքը կ’ուղղուի Պերլին, prof. Koch-ի մօտ կատարելագործելու բժշկական իր կարողութիւնները: 1887-ին կը վերադառնայ Պոլիս ու կը նշանակուի ներքին հիւանդութիւններու եւ վիրաբուժութեան փրոֆ.  Այնթապի հիմնարկին մէջ: 1889-ին կը հաստատուի Հալէպ եւ կը բանայ բուժարան մը «Պաուապէթ Քասապ»-ի մուտքին։ Կարճ ժամանակ մը ետք կը հիմնէ նախնական հիւանդանոց մը «Ալ-Աքապէ» շրջանին մէջ։ Ան սովորութիւն կը դարձնէ երկու տարին անգամ մը այցելել Եւրոպա՝ հետեւելու բժշկական վերջին զարգացումներուն:
1896-ին Հալէպ կը մուծէ X-ray սարքը  Roentgen-ի գիւտէն մէկ տարի ետք: Եւ վերջապէս 1911-ին կը հիմնէ հիւանդանոց մը «Իւսէֆ ալ-Ազմէ» պողոտային վրայ, «Պարոն» հիւրանոցէն դէպի հիւսիս, «Էմմանուէլ» եկեղեցւոյ կողքին:
Տարիներու յարատեւ աշխատանքով հիւանդանոցը կը դառնայ անգնահատելի արժէք մը Սուրիոյ եւ հայ ազգին համար: Կառոյցը կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի բժշկութեան զարգացման պատմութիւնը եւ Միջին Արեւելքի բերած նպաստը միջազգային քաղաքակրթութեան:
Հիւանդանոցը, աւելի ճիշդ ապագայ համալիրը, իր ամբողջութեան մէջ կ’ընդգրկէր հետեւեալը. արեւելեան կողմը՝ Էմմանուէլ եկեղեցին, եկեղեցւոյ եւ հիւանդանոցին միջեւ նախատեսուած էր անցք մը եւ հիւանդանոցին գլխաւոր  մուտքը. հարաւային կողմը փողոց մը, որուն միւս երեսը կը գտնուէր բժիշկին անձնական բնակարանը, դեղարանը,          X-ray-ի յատուկ բաժանմունքը: Իսկ հիւսիսային կողմը, աւելի ուշ կը շինուի բուժքոյրերու մեկուսացուած բնակարանային շէնքը, թենիսի դաշտը, անասուններու բուծարան մը եւ կարագի փոքրիկ գործարան մը: Հիւանդանոցը իր սովորական մասերէն զատ օժտուած էր ընդհանուր գործածութեան համար ջրհորով մը, իսկ ըմպելի ջուրը                    կը ստացուէր մասնաւոր սարքուած տանիքէն, ուր կը կուտակուէր անձրեւներու ջուրը, եւ անցնելով զտիչ սարքէ մը, կը հաւաքուէր գետնափոր մարմարեայ ջրամբարի մը մէջ:
Հիւադանոցը ունէր նաեւ՝ տարրալուծարան, մաշկային եւ հիւսկային փորձերու, մանրէներու զննութեան, կենդանիներու փորձառական աշխատանոցներ, մասնաւոր պահեստանոց, ուր կը հաւաքուէին բոլոր փորձերու վաւերագրական արձանագրութիւնները, օրինակները եւ կը կցուէին հիւանդի թղթածրարին: Նոյնը դասաւորուած էր դեղարանին եւ X-ray-ի բաժանմունքին համար: Հիւանդանոցը օժտուած էր նաեւ գործողութեան գերարդիական եւ հիանալի սենեակով մը, որ կը վայելէր մեծ համբաւ միջազգային շրջանակներուն մէջ: Ան օժտուած էր լաւագոյն եւ գերարդիական գործիքներով, նախատեսուած ամէն տեսակի վիրահատումներու համար. ունէր գործողութեան տետրակ եւ արխիւ:
Հայր Ալթունեանի մահէն ետք, հիւանդանոցը ունեցաւ երրորդ յարկ մը եւ օժտուեցաւ վերելակով մը, սակայն երկար կեանք չունեցաւ։ 1950, 1952, 1956 թուականները եղան ճակատագրական։ 1962-ին հիւանդանոցի դռները վերջնականապէս փակուեցան:
Աւելցնենք նաեւ, որ բժշկապետ Ալթունեան 1927-ին հիւանդանոցին մէջ հիմնած էր բուժքոյրերու դպրոցը, նախատեսուած  չորս տարուան դասընթացքով, որուն առաջին հունձքը վկայուեցաւ 1931-ին: Դպրոցին տեսչուհին էր տիկին Լուիզա Ալթունեան։ Ալթունեանի բժշկահասարակական այս ծրագիրը եւ ծառայութիւնը որակեալ բուժքոյրերու պատրաստութեան մեծ բարիք մը եղաւ Սուրիոյ համար: Ալթունեանի այս յաջող փորձէն քաջալերուած բուժքոյրերու դպրոցներ հաստատուեցան նաեւ Դամասկոս՝ Վիքթորիա դպրոցը, Նապք՝ դանիական, Թրիփոլի/Լիբանան ամերիկեան եւ Թապարիա/Պաղեստին, ուր օգտագործուեցաւ Ալթունեանի հիմնական ուսուցման ծրագիրը եւ ուղին, հիմնուելով գործնական դասերու վրայ եւ հիմք ունենալով գրաւոր, բերանացի եւ գործնական քննութիւններ:
Բժշկապետ Ալթունեան եղած  է արդի բժշկութեան գիտաշխատող մը: Իր խիզախ եւ պահպանողական համոզումներով կրցած է սերմանել արդի վիրաբուժութեան սկզբունքները Միջին Արեւելքի բժշկութեան մէջ: Ան հիմը դրած է արդի բժշկութեան եւ մասնաւորաբար վիրաբուժութեան, Միջին Արեւելք մուծած է X-ray-ի շարունակաբար զարգացող սարքերը, Փենեսելինի գործածութիւնը, Էնդոսկոփի զարգացող գործիքաշարը, արդիական լիակատար գործողութեան սենեակը՝ համալրուած բոլոր անհրաժեշտ գործիքներով: Կազմած է բժշկական տեղեկութիւններով եւ օրինակներով հարուստ արխիւ մը ու ծառայած գիտահետազօտական աշխատանքին: Ան հրապարակած է երկու գրութիւն միայն.  առաջինը՝ «Բժշկական Կեանքիս Յիսուն Տարին» ուղղուած վիրաբուժներու միջազգային համագումարին, Նիւ Եորք: Երկրորդը՝ «Պահպանողական Վիրաբուժութիւնը Հալէպի Մէջ»:
Բժշկապետ Ալթունեան որպէս յաջողակ ձեռներէց եւ գործարար մեծ ներդրում ունեցած է նաեւ հայ կեանքէն ներս, մտահոգուած է հայուն առօրեայով,  մնացած է պաշտպանը հայ որբերուն, աշխատանքի միջոցներով նպաստած է տասնեակ հայ բարեկեցիկ ընտանիքներու կազմաւորման ու վերածնունդին, օգնած է իր ազգակիցին, ուր որ կրցած է հասնիլ:
Բժշկապետ Ալթունեան եօթանասուն տարի շարունակ անխտիր ծառայած է Սուրիոյ հանրութեան: Ան Սուրիոյ ժողովուրդը պաշտպանած է հիւանդութիւններէ եւ համաճարակներէ:
Իրագործած է 21180 վիրահատում եւ 99628 բուժում (հիմք. Ալթունեան հիւանդանոցի արխիւները):
– 1914-ին Իտալիոյ Վիքթոր Էմմանուէլի Արքան շքանշանով ու հրովարտակով մը «Իտալական Գահի Ասպետ» տիտղոսը կը շնորհէ բժշկապետ Ալթունեանին՝ իտալացի հպատակներուն մատուցած ծառայութիւններուն համար:
– 1930-ին Նապիհ Պէյ ալ-Մարտինի՝ յանուն Սուրիական Կառավարութեան Ալթունեանը կը պարգեւատրէ «Սուրիական Արժանեաց Բ. Կարգի շքանշան»-ով մը, իսկ 1931-ին՝ շքանշանի բովանդակութեան վկայագիրով մը:
– 1937-ին բժշկապետ Ալթունեան Հալէպի Բժիշկներու Միութեան պատուոյ նախագահ կ’ընտրուի, իսկ 1946-ին՝ Սուրիոյ անկախութենէն անմիջապէս ետք, Հալէպի վերակազմեալ բժշկական միութիւնը ցկեանս պատուոյ նախագահ կը վերընտրէ ու կը հաստատէ զայն:
– 1939-ին Ալթունեան կը հրաւիրուի վիրաբուժներու Միջազգային Միութեան համագումարին՝ Նիւ Եորք։ Այնտեղ կը կարդայ իր ուղերձը «Բժշկական Կեանքս Յիսուն Տարի» աւելի քան 200 առաջնորդող վիրաբուժներու ներկայութեան, որմէ ետք համագումարի նախագահ Doctor Grouddy կը սեղմէ բժշկապետին ձեռքը եւ կը յանձնէ Վիրաբուժներու Միջազգային Միութեան Անդամութեան ոսկէ շքանշանը ու FICS կոչումին վկայագիրն ու կրծքանշանը, զայն անուանելով գիտնական: Բժշկապետի Սուրիա վերադառնալէն ետք, սուրիական կառավարութիւնը զինք                         կը պատուէ  «Սուրիական Արժանեաց Ա. Կարգի Պատուանշան»-ով:
– 1947-ին վերջին անգամ կը մասնակցի Վիրաբուժներու Միջազգային Միութեան համագումարին, Լոնտոն, ուր Gorden Schayler իր Sunday Times-ի յօդուածով բժշկապետը կը բնորոշէ աշխարհի վիրաբուժութեան հանճարներէն մէկը:
– 1950-ին, Սուրիոյ ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւններուն համար, յետ մահու Սուրիական կառավարութիւնը Ա. Ալթունեանը կը պարգեւատրէ «Սուրիական Արժանեաց Արտադաս Գերագոյն Պատուանշան»-ով:
1950-ին անվերադարձ կը հեռանայ աշխարհէն։
Այսօր, գիտութեան ասպետը, խիզախ վիրաբուժը, հմուտ հոգեբանը, որ յաղթահարեց Արեւելքի խաւարամտութիւնը եւ ներմուծեց 20-րդ դարու նոր բժշկութեան եղանակները, կը յիշատակուի անշուք փողոցի մը անուանակոչութեամբ եւ Էմմանուէլ եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած տապանաքարով մը: Իսկ հիւանդանո՜ցը, որ ազգին ու Սուրիոյ դրոշմն է Միջազգային քաղաքակրթութեան ճակտին՝ իր հարուստ գործիքաշարով ու գիտահետազօտական արխիւներով, պարզապէս հողակոյտ մըն է:
Աղբիւրներ
– «Հալէպի Մեծանուն Բժշկապետ Ա.Ա. Ալթունեան եւ Իր Գործերը» Տ. Ռ.  Ճէպէճեան
– «Եփրատ», «Նոր Աւետաբեր», «Հայաստանի Կոչնակ», «Ալէֆ Պաա» պարբերաթերթերը եւ օրաթերթերը
– «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց»,  3-րդ հատոր, Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան 
– British Journal of Surgery London
– The Lancet London
– The Sunday Times London
– Herald Tribune New-York։
Ճրտրգ. Կարպիս Մինասեան