Սննդագիտական
———————-
ԸՆԿՈՒԶԵՂԷՆԻ ԵՒ ՉԻՐԵՐՈՒ ՕԳՏԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ընկոյզ: Ընկոյզը իր կարծր կեղեւով մեր սննդեղէնի համեղ եւ կարեւոր մէկ մասն է:
Ընկոյզը օգտակար է արեան բարձր ճնշումէն տառապողներուն համար, կը նպաստէ ջղային համակարգի հաւասարակշռութեան: Կարելի է օգտագործել շաբաթը երեք անգամ, իւրաքանչիւր անգամ հինգ հատ ուտելով։
Կաղին ու Նուշ: Շաբաթը 3 անգամ ափ մը կաղին ուտելը կը նպաստէ մարմինին՝ պայքարելու մաղձաճարպին (քոլեսթերոլ) եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու դէմ: Իսկ օրական 5-6 նուշ ուտելը կը կանխարգիլէ բորբոքային բնոյթ ունեցող հիւանդութիւնները, նաեւ օգտակար է մորթին, մազերուն եւ եղունգներուն:

Չամիչն ու Շագանակը: Անօթութեան պարագային, եթէ ափ մը չամիչ ուտէք, անմիջապէս կուշտ պիտի զգաք։ Ֆիզիքական ծանր գործի մը սկսելէ առաջ եւս թելադրելի է քիչ մը չամիչ ուտել:
Սննդականոնի հետեւողներ եթէ անօթութիւն զգան, շագանակ կ’ուտեն, որովհետեւ ան երկար ատեն կուշտ կը պահէ:
Չիրն ու Պանանը: Նախաճաշին հետ 3-4 հատ չիր ուտելու պարագային, աղիքներուն գործունէութիւնը կ’աշխուժանայ։
Իսկ գիշերը դիւրաւ քունի անցնելու համար կը յանձնարարուի պանան ուտել եւ գաւաթ մը կաթ խմել:
Ճիշդ է որ չիրի կամ ընկուզեղէնի 100 կրամը 250 ջերմուժ կը պարունակէ, սակայն անոնք չափազանց հարուստ են փոթասիոմով, մակնիզիոմով, եւ զանազան կենսանիւթերով:
Պտուղներու Հիւթին Օգտակարութիւնը
Արքայախնձորի հիւթը կը նպաստէ մարսողութեան եւ կը հականեխէ ստամոքսը:
Կարմիր սալորին հիւթը կ’օգնէ արեան տկարութենէ տառապողներուն:
-Ելակին հիւթը հիմնական դեր կը կատարէ ռոմաթիզմի եւ մկանային բորբոքումներու բուժման մէջ:
-Նարինջին հիւթը կ’օգնէ մարսողութեան, եռանդ կու տայ, ինչպէս նաեւ կը կանխարգիլէ ոսկրափտումը, աղիքային բորբոքումը եւ կը դիմադրէ թունաւորման ու արիւնահոսութեան: Իսկ հարբուխի պարագային նախընտրելի է քիչ մը տաքցնել զայն ու խմել՝ մէկ ապուրի դգալ մեղր աւելցնելով անոր:
-Լոլիկի հիւթը մարմինին մարսողական համակարգը կը մաքրէ, մկանային բորբոքումի ցաւերը կը մեղմացնէ, կը դիմադրէ ստամոքսային թթուածութեան, ինչպէս նաեւ թելադրելի է պնդութենէ տառապողներուն:
-Կրիֆոնի հիւթը կը մաքրէ եւ կը դիւրացնէ շնջառական գործարաններուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ախորժակ կը բարելաւէ։
-Կանկառի (արտիշօ) հիւթը կը թելադրուի լեարդի հիւանդութենէ տառապողներուն, իսկ անոր կանաչ տերեւները կարելի է եռացնել եւ ջուրը օգտագործել:
Խաշած բանջարի ջուրը կը թելադրուի արեան տկարութենէ տառապողներուն, իսկ խաշած ստեպղինը կ’օգնէ ուժեղ հազ ունեցողներուն:
Խաշած եգիպտացորենի ջուրը միզամանի բորբոքումը կը դարմանէ:
***
Գործնական Խորհուրդներ՝ Տանտիկնոջ
Ճաշի կամ քաղցրեղէնի անակնկալ պատրաստութեան համար կարելի է օգտագործել հետեւեալ նիւթերը:
-1 ապուրի դգալ օսլայի (նշայ) փոխարէն 2 ապուրի դգալ ալիւր:
-1 լման հաւկիթի փոխարէն 2 հաւկիթի դեղնուց եւ 1 ապուրի դգալ ջուր:
-Քառակուսի տուրմի (շոքոլայ) փոխարէն, 3 ապուրի դգալ կակաւոն (cacao) եւ 1 դգալ կարագ:
– 1 գաւաթ թարմ կաթի փոխարէն 1 գաւաթ մածուն:
– Ճաշերու կամ կարկանդակներու մէջ գործածուած հաւկիթը պէտք է ըլլայ սենեակի ջերմաստիճանով, ոչ թէ սառնարանէն դուրս բերուած:
– Բանջարեղէնը պէտք է լուալ ջուրով եւ հականեխիչ դեղով:
– Բրինձի որեւէ տեսակ պէտք է լուալ տաք ջուրով, որպէսզի չփշրուի:
Եւ վերջապէս ճաշ եփելու յատուկ կաթսաները պէտք է ըլլան կաւէ կամ ժանգազերծ պողպատէ (stainless steel) շինուած՝ կարգ մը հիւանդութիւններէ զերծ մնալու համար: