ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

-Սուրիոյ ֆութպոլի մինչեւ 20 տարեկաններու հաւաքականը Քաթարի մէջ ուսումնամարզական հաւաքի ընթացքին կատարեց երկու բարեկամական հանդիպումներ։ Առաջինին Սուրիոյ կազմը 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եամանը, իսկ երկրորդ հանդիպումը, որ կատարեց Քաթարին հետ, աւարտեցաւ հաւասար արդիւնքով:
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց Ա. հաւաքականը Դամասկոսի մէջ 23 խաղացողով կը շարունակէ իր ուսումնամարզական հաւաքը, հսկողութեամբ մարզիչ Հայսամ Ճմայէլի: Կազմը կը նախապատրաստուի Ասիոյ երրորդ փուլի մրցումներուն, որոնց մէջ դրական արդիւնք արձանագրելը անհրաժեշտ է՝ պահելու խումբին դիրքը Ասիոյ Ա. մակարդակին վրայ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՌԷԱԼ ՋԱԽՋԱԽԵՑ ԼԱՍ ՓԱԼՄԱՍԻ ԴԱՐՊԱՍԸ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 20-րդ փուլի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտը իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լաս Փալմասը եւ կրցաւ արձանագրել բարձր արդիւնք՝ 4 – 1 կէտերով պարտութեան մատնելով մրցակիցը: Մրցումի սկիզբը հիւրերը արձանագրեցին կոլերու բացումը, որմէ ետք Ռէալ տիրապետեց խաղարկութեան եւ կրցաւ քանի մը անգամով ցնցել մրցակիցին դարպասը: 18-րդ վայրկեանին, Մպափէ նշանակեց առաջին կոլը, որմէ հինգ վայրկեան ետք, Տիազ կրկնապատկեց արդիւնքը: Մպափէ տարեշրջանի իր լաւագոյն հանդիպումը կատարելով 36-րդ վայրկեանին նշանակեց երրորդ կոլը։ Ան պիտի դառնար հաթրիքի հեղինակ, եթէ իրաւարարը չեղեալ չնկատեր իր երրորդ կոլը: Երկրորդ կիսախաղին, Ռէալ շարունակեց իր լաւ ընթացքը եւ 57-րդ վայրկեանին Ռոտրիկո նշանակեց խումբի չորրորդ կոլը: Սոյն յաղթանակով Ռէալ գրաւեց աղիւսակի առաջին դիրքը, օգտուելով իր մրցակից Աթլեթիքո Մատրիտի արձանագրած ձախողութենէն։ Վերջինս պարտութեան մատնուեցաւ Լեկանիսէն՝ 1 – 0 արդիւնքով:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ԿՐԿԻՆ ՁԱԽՈՂԵՑԱՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Սպանիոյ ախոյեանութեան մէջ կատարած վերջին ութը մրցումները ձախող ընթացան քաթալոնէական Պարսելոնային համար: Շաբաթ օր խումբը 1 – 1 հաւասարութեամբ աւարտեց Խիթաֆիին հետ մրցումը: 9-րդ վայրկեանին, հանդիպման հաշիւը բացաւ քաթալոնէական խումբի ֆրանսացի պաշտպան Ժիւլ Քոնթէն։ 34-րդ վայրկեանին, պատասխան կոլը նշանակեց Խիթաֆիի ուրուկուէյցի կիսապաշտպան Մաուրո Արամբարին։ Պարսելոնան 39 կէտով մնաց երրորդ դիրքին վրայ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան