Հովանաւորութեամբ Հալէպի Եկեղեցիներու Համայնքապետներու Խորհուրդին, Ուրբաթ, 24 Յունուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մարոնի համայնքի Մար Իլիաս եկեղեցւոյ մէջ, հոգեպարար արարողութեամբ յիշատակուեցաւ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը, բնաբան ունենալով. «Կը հաւատա՞ս ըսածիս» (Յհ 11.26) աւետարանական համարը:
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Բերիոյ Թեմի կաթողիկէ հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հայր Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան, Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետեր, հոգեւոր հայրեր, քահանայ հայրեր եւ հաւատացեալներ։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան եւ օրուան աւետարանական հատուածը ընթերցեց։
Հոգեթով աղօթքներ արտասանուեցան եւ շարականներ երգուեցան զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Արարողակարգը վերջ գտաւ համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով: