ՍԱՆԱ- Հոմսի նահանգապետարանի տեղեկատուական գրասենեակը յայտարարեց, որ ապահովական ուժերը մանրակրկիտ ստուգողական արշաւ կատարած են Հոմսի արևմտեան շրջաններուն մէջ՝ որոնելով ապօրինի տարրեր։ Գործողութիւնը շարունակուած է քանի մը ժամ, որմէ ետք ապահովական ուժերը իրենց նպատակը իրականացուցած ու քաշուած են:
«Կը դատապարտենք կրօնական սկզբունքներու եւ սրբութիւններու չարաշահումը և անընդունելի խախտումները, որոնց ականատեսը եղաւ Մարիամին գիւղը ապահովական ուժերու դուրսբերումէն ետք, երբ յանցաւոր խումբ մը, ապահովական ուժերու անունը չարաշահելով օգտուած է տուեալ ուժերու դուրս գալու հանգամանքէս՝ խախտումներ իրականացնելու համար: Կը հաստատենք, որ անհատներու կամ խումբերու կողմէ որեւէ խախտում պիտի քննուի եւ դատապարտուի խստօրէն՝ կիրարկելի օրէնքներուն համաձայն»:
Գրասենեակը աւելցուց. «Մարիամին գիւղի բնակիչներէն բողոքներ ստանալէ անմիջապէս ետք, ապահովութեան իրաւասու մարմիններ շտապ միջամտութեամբ հետապնդեցին նման խախտումներ կատարողները եւ հետաքննութենէ ետք շարք կասկածեալներ ձերբակալուեցան ու փոխանցուեցան իրաւասու դատական համակարգ՝ ստանալու իրենց արդար պատիժը։ Գրասենեակը կը հաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ վերադարձնելու իրաւունքները իրենց սեփականատէրերուն եւ հատուցելու բոլոր անոնք, որոնք տուժած են այդ խախտումներուն հետեւանքով։ Գրասենեակը պիտի ձեւաւորէ մասնագիտական յանձնաժողով՝ հետևելու վնասներու գնահատման եւ հատուցման մեքանիզմներ ճշդելու, որպէսզի երաշխաւորուին մարդոց լիարժէք իրաւունքները՝ իրաւասու մարմիններու տուեալներուն համաձայն։ Գրասենեակը պիտի աշխատի ժողովուրդին հետ գործակցաբար՝ ամրապնդելու գիւղի ապահովութիւնը, որպէսզի նման դէպքեր չկրկնուին»։