Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 26 Յունուար 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ ֆրանսահայ ազգային բարերար Տիգրան Ճիէրճեանի մահուան քառասունքին առիթով:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ ազգային բարերար հանգուցեալ Տիգրան Ճիէրճեանի հոգիին խաղաղութեան համար, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց դասուն գլխաւորութեամբ՝ Հալէպի եւ շրջաններու եկեղեցիներէն ներս։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։