27 Յունուարին Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանիի հետ: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիմատետրի էջը։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը փոխանցած է Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ զարգացնելու երկկողմ յարաբերութիւնները սուրիական կողմին հետ: Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են գործակցութեան կարելի ուղղութիւններուն շուրջ։
Վահան Կոստանեան հաստատած է հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու մարդասիրական և բարեփոխումներու իրականացման ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ առաջնահերթութիւն համարուող տարատեսակ այլ ծրագրերու:
Երկուստեք շեշտ դրուած է Հայաստանի և Սուրիոյ ժողովուրդներու միջեւ առկայ պատմական ամուր կապերու զարգացման: Այս շրջագիծէն ներս աջակցութիւն յայտնուած է Սուրիոյ մէջ համերաշխութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ ներառականութեան ջանքերուն:
Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային զարգացումներու վերաբերեալ՝ ընդգծելով դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը:
Սուրիական կողմը բարձր գնահատած է ՀՀ պատուիրակութեան այցելութիւնը Դամասկոս: Կողմերը համաձայնած են շարունակել շփումները: