Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոէլ Փարո յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Սուրիոյ դէմ սահմանուած
պատժամիջոցները չեղեալ պիտի համարէ:
«Ֆրանս Փրէս» գործակալութիւնը վկայակոչելով Փարոյին խօսքը ըսաւ. «Այսօր որոշում պիտի գոյացնենք կենսուժի, փոխադրութեան եւ ֆինանսական հաստատութիւններուն դէմ սահմանուած պատժամիջոցները չեղեալ համարելու գծով»:
Իր կարգին Եւրոպական Միութեան արտաքին հարցերու պատասխանատու Քայլա Քալաս շեշտեց, որ այսօր Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները պիտի նուազին»: