Թուրիոյ առեւտուրի նախարար Օմար Պոլաթ Անգարայի մէջ Առեւտուրի Նախարարութեան յարկին տակ տեղի ունեցած մաքսային միջազգային օրուան առիթով արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Սուրիա որոշում առաւ այս շաբթուընէ սկսեալ թրքական 269 ապրանքատեսակի մաքսատուրքերը նուազեցնել, ներառեալ հաւկիթի, ալիւրի, կաթի, երկաթեայ արտադրութիւններու, մաքրութեան վերաբերող արտադրութիւններու եւ այլն»:

Նախարար Պոլաթ յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ Դեկտեմբեր ամսուն՝ սուրիական նախկին համակարգին տապալումէն ետք: