Ամէն տարի 28 Յունուարին կը տօնենք մեր ազգային բանակի հիմնադրութեան օրը: Չենք կրնար անտարբեր ըլլալ եւ մնալ: Համազգային ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դիմաւորենք մեր զինեալ ուժերուն ծննդեան տարեդարձը:
Յստակ է, որ երկրի մը բանակը իւրայատուկ առաքելութիւն մը ունի զինք ստեղծող կամ հիմնող երկրի ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ:
Ուստի կը կարծեմ, որ հայկական բանակի օրուան յիշատակումը առաջին իսկ հերթին մեր երկրին խաղաղութիւնը գնահատող եւ անոր սահմանները ապահով պահողնեուն երախտագիտութեամբ յիշելու օրն ու առիթն ալ է:
Որովհետեւ մեր երկրի բանակը մեր պատիւն ալ է:
Ու եթէ բանակի մը հիմնական կորիզը իր անդամներն են, ուստի հետեւցնելով` կրնանք ըսել, որ բանակի մը գլխաւոր հիմքը ընտանիքն է:
Միւս կողմէ, սակայն, պէտք է նաեւ աւելցնել, որ ազգեր, պետութիւններ, ժողովուրդներ ոչ միայն իրենց երկրի խաղաղութեան, այլ նաեւ նոր հողատարածքներ ձեռք ձգելու որդեգրումներէն ու ծրագիրներէն մեկնած, առաջին իսկ հերթին մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են իրենց երկրի բանակին, անոր մարդուժի քանակին, որակի եւ հզօրացման աշխատանքներուն: Անոր շարքերուն միշտ կարգապահութիւն սահմանած ու պարտադրած են: Նոր զէնքերով եւ մարդուժով զինած են զայն: Միշտ մօտէն հսկած ու ամէն գնով հոգացած են անոր ամէն տեսակի պահանջներն ու կարիքները:
Եւ որովհետեւ բանակին համար մեծագոյն արժէքը զինուորին կամ ծառայողին կեանքն է, ուստի բոլոր առիթներով մարդիկ, բանաստեղծներ, գուսաններ եւ երգիչներ երգեր ու տաղեր հիւսած են, ոտանաւորներ նուիրած: Իր կարգին, երկրին մամուլն ալ յօդուածներով ու պատմուածքներով ջատագոված է իր բանակին յաջողութիւններն ու սխրագործութիւնները: Իսկ նոյն այդ երկրի ղեկավարները, առ ի երախտագիտութիւն, միշտ մեծարած են իրենց բանակի արժանաւորները` յատուկ մետալներով կամ յուշարձաններով եւ յուշակոթողներով: Նոյնիսկ երկրի մեծ քաղաքներու գլխաւոր պողոտաներն ու փողոցները իրենց բանակին ծառայող հերոսներու անուններով յիշատակած են:
Սփիւռքի տարածքին թէ հայրենի հողերուն վրայ ապրող կամ գոյատեւող հայեր, մեր կեանքի հեւքին հետ ալ միատեղ, միշտ մօտէն կը հետեւինք մեր բանակի լուրերուն ու անոր տագնապներուն:
Մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է հայ բանակը: Ոչ մէկ կասկած եւ տարակուսանք:
Ուստի անսակարկ պէտք է անոր զօրակցիլ: Միշտ արդիական դարձնել, զինել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Աջակցիլ եւ անոր ցաւերուն կարեկցիլ: Անոր կողքին կենալ: Գործնականապէս զօրավիգ կանգիլ: Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել նաեւ մեր յոյսերը:
Մեր ժողովուրդը, պատի՛ւ իրեն, միշտ ալ բարձր գնահատած է հայ բանակին, հայ զինուորին եւ հայ ազատամարտիկին հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահոգուած է անոր ներքին ու արտաքին հարցերով եւ սակայն երբեք չէ յուսահատած, այլ, ընդհակառակն, միշտ խանդավառուած է անոր յաջողութիւններով: Որովհետեւ ազգովին հաւատացած ենք, որ մեր բանակին մէջ ամրօրէն խարսխուած է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքը: Որովհետեւ մեր բանակը նաեւ իր մէջ պահուած ունի իր կոչումին յատուկ գիտակից ու սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը:
Հայկական բանակն ու անոր անպարտելի մարտիկներն են, որ այսօր խաղաղ երկինք կ՛ապահովեն մեր հայրենիքին:
Ի սրտէ բարի մաղթանք մը, մեր բանակին ու անոր մեծ ու փոքր բոլոր զինեալ նուիրեալներուն:
Տարեդարձդ շնորհաւոր` հայկական հզօր եւ քաջարի բանակ ու բանակայիններ:
Մեր բանակը մեր ազգային պատիւն ու յաղթանակն ալ է:
Միշտ մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է, պէ՛տք է դառնայ մեր հայ բանակը: Ոչ մէկ կասկած եւ տարակուսանք: Պէտք է միշտ անոր զօրակցիլ: Արդիական դարձնել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել մեր յոյսերը:
Փա՛ռք ու պատիւ մեր մարտունակ բանակին, մեր յաղթանակ կերտող զինուորին եւ իր արիւնը հայրենիքի հողի պաշտպանութեան թափած նահատակ եւ մարտիրոսացած` հայուն եւ մեր բանակի մեծ ու փոքր բոլոր զինուորականներուն:
Գէորգ Պետիկեան