Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շիպանի եւ պաշտպանութեան նախարար զօր. Մուրհաֆ Ապու Քասրա հանդիպում ունեցան ՄԱԿ-ի խաղաղութեան եւ բախումներու կանխարգիլման դիտորդական առաքելութեան պատուիրակութեան հետ։

Հանդիպման ընթացքին, սուրիական կողմը հաստատեց իր պատսրաստակամութիւնը՝ ամբողջական գործակութեան եւ իր դիրքերու հսկողութեան աջակցելու, համաձայն 1974-ի լիազօրութեան, իսրայէլեան ուժերուն անյապաղ դուրսբերման պայմանով։
Իր կարգին, Դիտորդական խումբը հաստատեց իր լիակատար յանձնառութիւնը՝ լուծելու այս խնդիրը եւ վերականգնելու սահմաններու եւ տարածաշրջանի կայունութիւնը։ Խումբը պատրաստակամութիւն յայտնեց նաեւ աջակցելու ականազերծման գործողութիւններուն՝ ապահովելով գործակցութիւնը ականազերծման տարբեր կազմակերպութիւններու հետ։