Սուրիոյ զինուորական գործողութիւններու վարչութեան բամբեր Ահմետ ապտուլ Ղանի յայտարարեց, որ Ահմետ աշ-Շարաա նշանակուեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան անցումային նախագահ։ Ան պիտի ներկայացնէ Սուրիան միջազգային հարթակներու վրայ։
Ապտուլ Ղանի յայտարարեց նաեւ սուրիական խորհրդարանի ցրումը եւ երկրի սահմանադրութեան անվաւեր համարումը, ինչպէս նաեւ զինուորական, յեղափոխական, քաղաքական եւ քաղաքացիական խմբաւորումներու լուծումը եւ համարկումը պետական կառոյցներու մէջ։