«Որպէսզի ինքնագոհ եւ ինքնընծայ հոգեւոր կեանք մը զարգացնենք մեզի համար…»
Մակար Արքեպիսկոպոս
«Հարկ ի վերա իմ կայ» ըսած է Պօղոս Առաքեալ, մանաւանդ երբ առիթը հոգեխօս է, դարադարձի միջազգային, շրջանային, տեղական նաեւ հայկական առումներով յախուռն, չըսելու համար տագնապալից այս օրերուն, լոյսի ցոլքերը դարձեալ կը ճառագայթեն Մայր Գաղութէն, Հալէպէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան խոստմնալից միաբաններէն եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի հոգիին, միտքին ու գրիչին արգասիքը հանդիսացող, եւ ժամանակի տարաբնոյթ տագնապները դիմագրաւելու մեզ սատարող՝ հինգ արժէքաւոր հատորներ ընթերցասէր հասարակութեան սեփականութիւնը դարձնելով, որոնցմէ երեքը՝ «Բարոյագիտութիւն», «Քրիստոսաբանութիւն», «Ճանապարհորդութեան Հացը» խորագրերով, մեզի վիճակուեցաւ ներկայացնել։
Ընդհանրապէս կրօններ սերտօրէն առնչուած են մարդկային ընկերութեան կեանքին հետ, անոր այլազան բնագաւառներուն մէջ, եւ ներկայ ժամանակներու պարտադրանք՝ ընկերաբարոյական սկզբունքներու թէ մնայուն արժէքներու տեղատուութեան դիմաց, մարդը իր գոյութեան ու կոչումին վերարժեւորման մէջ՝ սկսած է վերադարձ մը ապրիլ դէպի կրօնական արժէքները։
Ըստ մասնագէտներու, բազմախոստում նշաններ կան, որոնք կը յուշեն, թէ 21-րդ դարու կրօնական-հոգեւոր կեանքը բեղուն պիտի ըլլայ, ուր կրօնական գիտակցութեան վերականգնումին եւ վերազարթնումին հասարակաց յայտարարը այն ըմբռնումն է, որ Աստուած Արարիչ է եւ մենք՝ Աստուծոյ արարածները։ Յատկապէս եթէ կրօնական գիտակցութիւնը գլխաւորաբար կը բնորոշուի հաւատքով, որուն մէջ առկայ է շնորհքի բաղադրատարրը, եւ մենաշնորհում մը չէ, այլ տրուած է բոլորին անխտիր (կարգ մը մարդիկ իրենք ընդունակ չեն այդ շնորհքին), ապա բանականութիւնը՝ հաւատքի շնորհքին դրսեւորման էատարրերէն է, առանց հակասելու անոր, բայց յաճախ ի զօրու չէ հասնելու մարդկային կեանքի Աստուծոյ միջամտութեան ըմբռնողութեան, որովհետեւ այստեղէն իսկ կը սկսի հաւատքը։
Ուրեմն, աշխարհի երրորդ յեղափոխութեան՝ համաշխարհայնացումի որպէս արդիւնք, համաշխարհայնացած այսօրուան աշխարհին մէջ, երբ աշխարհագրական հեռաւորութիւններ եւ սահմաններ գրեթէ չկան, ազգեր, մշակոյթներ, քաղաքակրթութիւններ եւ ընկերութիւններ… միաձուլման ընթացքի մը մէջ՝ այլագունման, նոյնիսկ այլափոխման սպառնալիքի մը տակ կը գտնուին, կրօններ կրնան որոշակի դերակատարութիւն ունենալ ժողովուրդներու եւ ազգերու ինքնուրոյնութիւններուն, նոյնիսկ ազգային մշակոյթներուն պահպանման տեսակէտէ։
Յիշարժան է, կրօններ – մարդ յարաբերութեան գծով, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հետեւեալ տեսլահար հաստատումը. «Որեւէ կրօն, գաղափարական շարժում, կամ իմաստասիրական դրութիւն, հին թէ նոր, այնքան կարեւորութեամբ չէ շեշտած մարդուն արժէքը, մարդուն կեդրոնական տեղն ու դերը տիեզերքի մէջ, որքան քրիստոնէութիւնը։ Աստուածաշունչին, քրիստոնէական աստուածաբանութեան, հայրաբանութեան ու գրականութեան, եւ եկեղեցւոյ ծէսին ու առաքելութեան թեման՝ մա՛րդն է…»։
* * *
Այս ընդհանուր նախաբանէն ետք, նկատի առնելով, որ վերոյիշեալ երեք հատորները անգլերէնէ հայերէնի թարգմանուած թարգմանական աշխատանքներ են, խուսափելու համար կրկնութիւններէ յարմար նկատեցինք հակիրճ կերպով անդրադառնալ թարգմանական արուեստին։
Ինչպէս որ կը վկայեն մշակոյթի պահպանուած զանազան տեսակի յուշարձանները, թարգմանութեան պատմական արմատները կը հասնին մինչեւ մարդկային քաղաքակրթութեան վաղնջական ժամանակները, եւ ներկայիս չկայ որեւէ մեկուսացած ժողովուրդ, որ գոյութիւն կրնայ ունենալ առանց թարգմանութեան, կղզիացած մշակոյթներն ու քաղաքակրթութիւնները, որքան ալ առաջաւոր ըլլան, ի վերջոյ դատապարտուած են աղճատման ու կործանման։
Ուշագրաւ է, որ տակաւին Ք.ա. 13-րդ դարուն, խեթերը թարգմանած էին շումերա-աքքատական «Գիլգամիշ» դիւցազներգութիւնը։ Այս շրջագիծին մէջ, եւ կրօնական դիտանկիւնէ՝ կարելի չէ շրջանցել Աստուածաշնչական գրութիւններու թարգմանութիւնները։ Օրինակ՝ Բաբելոնի աշտարակը կը ներկայացնէ բառերէ կազմուած դիցաբանութիւն մը, ինչպէս որ նկարագրուած է Հին Ուխտի Ելից Գիրքին մէջ (11։9), ուր խօսուած բարբառներու զանազանութիւնը՝ յանգեցուցած էր լեզուներու բազմազանութեան։ Մարդկային պատմութեան մէջ, Աստուածաշունչը ամէնէն շատ թարգմանուած գիրքն է (թարգմանուած է շուրջ 2233 լեզուներու) եւ կը շարունակուի թարգմանուիլ, Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը կամ հայացումը, կատարուած էր Ե. դարուն, եւ արդարօրէն կոչուած էր «Թագուհի Թարգմանութեանց»։
Հայ ազգային գրականութեան եւ մշակոյթի կազմաւորման պարագային, թարգմանութիւններու դերը այնքան մեծ եղած է, որ անյիշելի ժամանակներէն Հայաստանի մէջ սահմանուած էր Թարգմանչաց տօն, առ այսօր աւանդաբար կը նշուի, բացառիկ երեւոյթ մը հանդիսանալով եւ յուշելով հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն ու հարուստ գիրին ու դպրութեան մասին։ Աւելի ուշ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալներէն Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոս, 18 Յուլիս 1948 թուակիր Իր Հայրապետական կոնդակով, Հոկտեմբեր ամիսը հռչակած էր «Մշակոյթի Ամիս»։
Վերադառնելով գիրքերուն, առանց գրաքննադատական կամ վերլուծական յաւակնութիւններու, երբեմն մէջբերումներ կատարելով՝ փոխանցելու համար նաեւ սրբազան հօր աշխարհայեացք-մտածողութիւնը, հրատարակութեանց ժամանակագրական կարգով կը ներկայացնենք զանոնք։
Առաջին Գիրք
Խորագիրն է՝ «Բարոյագիտութիւն-Համարձակ Ըլլալ Բոլոր Պարագաներուն Մէջ», հեղինակ՝ Սիէն Մքտաոուէլ (Sean McDawell), հայացուց Մակար Եպս. Աշգարեան, հրամանաւ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, մեկենասութեամբ՝ հալէպահայ Գասապեան եղբայրներու, լոյս տեսած է Հալէպ, տպարան Ոսկետառ, 2024-ին։
Այստեղ անհրաժեշտ է ընդգծել, թէ հեղինակը, որ Փիլիսոփայութեան դոկտոր եւ քրիստոնէական ջատագովութեան փրոֆեսոր է՝ Պայոլա համալսարանի Աստուածաբանական դպրոցին մէջ, քառասունէ աւելի գիրքեր հեղինակած  է, եւ մի՛շտ վախճանակէտը եղած է՝ երիտասարդութիւնը զինել աստուածաշնչական ճշմարտութիւններով, քրիստոնէական հաւատքով, ընկերաբարոյական տոկուն սկզբունքներով, որպէսզի կարենան բարին ու ճշմարիտը սիրել եւ համարձակօրէն ճիշդ որոշումներ կայացնել։
Զուգահեռաբար, գիրքին խորագիրը՝ «Բարոյագիտութիւն» բառը, որ բառացի կը նշանակէ գիտութիւն բարոյականութեան մասին, իր հիմնախնդիրներուն մէջ կը ներգրաւէ բարիի եւ չարի հիմնահարցը, կեանքին իմաստը եւ մարդ անհատին նշանակութիւնը, արդարութեան եւ պատշաճութեան խնդիրները, իսկ արժէքներու իր դասակարգումին մէջ առաջին տեղը տրուած է մարդկային գլխաւոր արժէքներուն, ապա առաքինութիններուն, յետոյ բարոյական մասնաւոր արժէքներուն, ինչ որ շեշտակի կը դրսեւորէ հեղինակին ըմբռնումները։
Հատորին բովանդակութիւնը՝ տարածուած 215 մեծ չափի էջերու վրայ, կ’ընդգրկէ տասնմէկ վերնագրուած առանձին բաժիններ, որոնք իրենց կարգին բաժնուած են համապատասխան ենթաբաժիններու, կ’աւարտին եզրակացութիւններով, եւ դիպուկ կերպով կ’արտայայտեն «Բարոյագիտութիւն» բառին իմաստն ու վերոյիշեալ տարածքները, որոնք արդէն հեղինակին նպատակն իսկ են, եւ կը բացատրեն Մակար սրբազանի ընտրութիւնը այս գիրքին՝ որպէս հոգեւորական, հովիւ եւ Առաջնորդ, «որպէս Աստուծոյ ու ժողովուրդի քահանայ…»։ Եւ արդէն հատորին սկիզբը սրբազան հայրը իր «Երկու Խօսք»-ին մէջ ուղենշային կերպով կը շեշտադրէ.
«Գիրքը յստակ ճամբու քարտէզ մը կը տրամադրէ ընթերցողին, արդի աշխարհի վտանգաւոր տարածութեան ու քաոսային մշակոյթին մէջէն անսայթաք ու անվնաս նաւարկելու համար։ Հեղինակին փափաքն է, ընթերցողը սպառազինել ճշգրիտ որոշումներ առնելու կարողութեամբ, աշխարհի մը մէջ, որ լքած է ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ հրաւիրել զայն համարձակ կեցուածք մը ճշդելու միջավայրի մը մէջ, որ զիջում կը յառաջացնէ եւ իր կործանանար յարաբերապաշտութեամբ, աստուածաշնչական արժեչափերը կ’արհամարհէ եւ մարդկային ընկերութեան բարոյականութեան առողջ հիմքերը կը կործանէ»։
Նախաճաշակ մը տալու համար, նաեւ կը մէջբերենք՝ «Պատերազմի Բարոյականը» խորագրեալ բաժինի եզրակացութեան հետեւեալ հատուածը.
«Բնաւ պէտք չէ մոռնանք, որ պատերազմը շատ լուրջ հարց մըն է եւ ուստի թեթեւօրէն պէտք չէ մօտեցում ցուցաբերենք անոր։ Առանց լիարժէք գնահատականը կատարելու, ո՛չ թեթեւամտութեամբ պէտք է մօտենանք եւ ոչ ալ եռանդով պաշտպանենք պատերազմը։ Որովհետեւ պատերազմը կը քայքայէ մարդկային կեանքը եւ յաճախ վերին աստիճանի կործանում կը պատճառէ։ Պատերազմը նկատի պէտք է առնուի միայն այն պարագային, երբ միւս բոլոր ընտրութիւնները ապարդիւն կ’անցնին»։
Շարքը կարելի է երկարել։
Մեր կարգին կրնանք ըսել, թէ արեւմտեան մտածելակերպը, մտայնութիւնը եւ Արեւմտեան ընկերութիւնները յուզող մանաւանդ ընկերաբարոյական խնդիրները որքան ալ տարբեր ըլլան Արեւելեան աշխարհին համար, սակայն, այս գիրքը իր յստակ նպատակով եւ բովանդակութեամբ, նիւթը փոխանցելու խորաթափանց մօտեցումով, աստուածաշնչական դիտանկիւնէ ընկերաբարոյական ժամանակակից խնդիրները՝ եթէ ոչ խորքային, ապա բաւական հմտութեամբ ներկայացնող թարգմանութիւն մըն է, եւ պէտք է հետաքրքրէ յատկապէս մեր երիտասարդութիւնը, ի խնդիր «համարձակ որոշում առնելու» հրամայականին եւ որակական առողջ աճումին՝ Ս. Գրային լիցքաւորումով։
(շար.1)
Դոկտ. Հուրի Ազէզեան