Առաջին աշխարհամարտին, երբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 7-8 հազար քեսապահայութեան հազիւ մէկ երրորդը մազապուրծ ազատեցաւ սպանդէն։ Ժողովուրդը մաս առ մաս ծննդավայր վերադարձաւ՝ մեծագոյն դժուարութիւններով, վերակազմակերպեց իր տնտեսութիւնը, իմա գիւղատնտեսութիւնը եւ արհեստանոցները։ Նախ հացահատիկի արտեր մշակուեցան. կը պատմեն որ բարձրադիր լեռներու ծերպերուն վրայ, ժայռերու մէջ գտնուող հազիւ մէկ քառակուսի մեթր տարածք ունեցող հողի մաս մը, մէկ ափ ցորենով իսկ ցանուեցաւ։ Ապա զարկ տրուեցաւ շերմաբուծումին, ծխախոտի մշակումին, դափնի ծառերու մշակումին, ապա յիսունական թուականներէն սկսեալ զարկ տրուեցաւ խնձորի մշակումին, նկատի առնելով որ Քեսապի կլիման, հողը, օդը եւ ջուրը նպաստաւոր էին այդ պտուղներու մշակումին համար։
Տնտեսական արժէք ներկայացնող տեսակները հիմնականին մէջ երկու էին. «Կոլտըն» (Golden Deliciօus) եւ «Սթարքըն» (Starking Deliciօus)։ Կային նաեւ այլ տեսակներ սահմանափակ տարածումով, օրինակ՝ վայրի խնձոր (թթուահամ, փոքր կանաչ-դեղնաւուն), «սըգարի»՝ քաղցրահամ ու խայտաբղէտ-փոքր խնձորներ. յատկանշական է «Չըպըխչեան» տեսակը (espaces parelles) զոր Քեսապ մուծած էր այդ օրերուն ֆրանսական հոգատարութեան Քեսապի կառավարիչ նշանակուած Մանուկ Չիպուքճեանը, ու խնձորը ստացած էր անոր հնչափոխուած անունը։
Յառաջիկային, 1960-ական թուականներուն, խնձորի այգիներու մշակումը աւելի լայն ծաւալ ստացաւ ու բերքերը աւելի բարձր սակերով ծախելու կանխամտածումով, պարտիզպանները իրենց բերքերը սկսան մթերել Լաթաքիա ու Հալէպ գտնուող սառնարաններուն մէջ, որոնք քանի մը հատ էին ու անոնց արդիւնքը այդքան ալ լաւ չէր, ու խնձորները երբեմն վնասուած, փտած դուրս կը բերուէին։
Հասնելով 1970 թուականի շեմին, Քեսապի առաջատար խաւին մէջ զարգացաւ գաղափարը ունենալու Քեսապի մէջ
սեփական սառնարան մը, որ կարենար աւելի լայն խաւերուն ծառայել ու կառավարուիլ քեսապցիներուն միջոցաւ։
Միջանկեալ պարզեմ, որ յառաջիկային կը փափաքիմ աւելի մանրամասն ու արխիւներու ուսումնասիրութեամբ լոյս սփռել ընկերութեան կազմութեան ու առնչուած աշխատանքներուն, եթէ յարմարութիւններ կայանան արխիւներու սերտողութեան։
Սառնարան մը հաստատելու գաղափարը յառաջիկային դուրս եկաւ քեսապաբնակներէն հասնելով Լիբանան հաստատուած, սակայն Քեսապով ապրող ու շնչող քեսապցիներուն. ուստի եւ հաստատուեցան ու զարգացան այս գծով յարաբերական կապերը։
Երբ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք հիմնադիրներու անուանացանկին, այնտեղ պիտի տեսնենք Քեսապի մօտակայքը՝ Լաթաքիա եւ Պէյրութ հաստատուած քեսապցիներ, որոնք լծուեցան այդ գործին։
Քեսապ բնակող հիմնադիր անձերէն էին. Վերապատուելի Արտաշէս Գերպապեան, Երջանիկ Կարպուշեան, Ժոզէֆ Չիւրիքեան, Վահրամ Կալեան, Ճէյմս Աբէլեան (Պետիրեան), Նուպար Գալէմտէրեան, Վարդան Փօլատեան, Ժոզէֆ Սողոմոնեան, Ստեփան Զահդերեան եւ Արամ Չիւրիքեան։
Վերոյիշեալներուն մեծ մասը դարձան հիմնադիր վարչութեան եւ յառաջիկայի վարչութեանց անդամներ։
Լիբանան բնակող քեսապցիներէն հիմնադրութեան գործին մաս կազմած են հետեւեալները. Արամ Տէմիրճեան (Ճինիշեան հաստատութեան կապը), Ժոզէֆ Փաշա Աբէլեան, Վարդգէս Մկրտիչ Աբէլեան եւ Ստեփան Փանոսեան։
Վերոյիշեալ անուանացանկը ամբողջական չէ անշուշտ, այսօր ողջ մնացող տարեցներուն յիշողութեամբ կազմած եմ այս ցանկը, ուստի վրիպած անուններուն համար կանխաւ ներողամտութիւն կը խնդրեմ եւ շատ ուրախ պիտի ըլլամ եթէ յուշողներ եւ յիշողներ ըլլան այդ գծով, որպէսզի յառաջիկային աւելի ամբողջական աշխատանքով մը աւելի կատարեալ ցանկ մը ստանանք։
Վերջերս տրամադրութեանս տակ դրուեցաւ ընկերութեան կանոնագիրը, գրաշարուած, արաբերէն լեզուով (1973-ին), որուն մէջ յիշուած են անունները ընկերութեան որպէս հիմնադիրներ, ու ընկերութիւնը ստացած է համապատասխան արտօնագիրը։
Ստորեւ կ’արտագրեմ անոնց անունները. ոմանց մասին արդէն արձանագրած եմ վերոնշեալ տողերուն մէջ. Վերապատուելի Արտաշէս Սողոմոն Գերպապեան, Յակոբ Ժոզէֆ Փօլատեան, Գաբրիէլ Յովսէփ Ինճէճիկեան, Մուրատ Նշան Ալիքեան, Յովհաննէս Խաչիկ Չէլէպեան, Մովսէս Աւետիս Մանճիկեան եւ Պետրոս Կարապետ Աշըգեան։
Հիմնադիրները անսակարկ նուիրումով գործած են։
Այստեղ սակայն կ’ուզեմ առանձնացնել քանի մը հոգիի աւելի պատասխանատու մարզերուն մէջ տարած աշխատանքները, այդ մարզերուն յարմար իրենց լիազօրութիւններուն թէ կարողութիւններուն պատճառով։
Այսպէս, Վերապատուելի Արտաշէս Գերպապեան որպէս ատենադպիր տարած է ատենական ու մանաւանդ նամակագրական աշխատանք. անոր աշխատանքին արդիւնքն է տպագիր (typewriting) արխիւը։
Արամ Տէմիրճեան, որպէս Ճինիշեան հաստատութեան ներկայացուցիչ, եղած է կապը սառնարանի վարչութեան եւ հաստատութեան, որուն կը պարտինք ընկերութեան տրամադրուած նիւթական հսկայական յատկացումը։
Ստեփան Փանոսեան, հմուտ արհեստաւոր. անոր կը պարտինք պաղեցնող սարքերուն տեղադրման աշխատանքներուն մեծ մասը։ Ան եղած է լիազօրուած այն անձը, որ մեկնած է Անգլիա եւ այնտեղէն ներածած սառնարանին ելեկտրածին շարժակները։ (Ստեփան Փանոսեան հայրն է Կիւլպէնկեան հաստատութեան հայկական բաժնի գործադիր տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեանի)։
Յառաջիկային Ստեփան Փանոսեան որպէս հմուտ արհեստագործ մեծ ծառայութիւններ մատուցած է ընկերութեան սարքերու ճիշդ բանեցման աշխատանքներուն, երկար տարիներ Քեսապ բնակելով։
Ընդգծեմ որ այդ երկու ելեկտրածին սարքերը DALE մակնիշով, Լաթաքիա հասած էին 1973-ի պատերազմի օրերուն, երբ հրէական օդուժը սկած է ռմբակոծել Լաթաքիոյ նաւահանգիստը, եւ շարժիչները հրաշքով ազատած են ռմբակոծումներէն։ Այդ շարժակներուն վիճակուած էր դժբախտ ճակատագիր։ Անոնք յափշտակուած էին 2014-ին, Քեսապի ծանօթ դէպքերուն ընթացքին։
Յատկանշական այլ պարագայ մը։
Այդ ժամանակաշրջանին Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս, բայց մասնաւորապէս Քեսապի մէջ, ջերմութեան մեկուսացուցիչ քիմիական նիւթերուն մասին ծանօթութիւն չկար։ Ուստի մեր հայրերը գտած էին լուծումը։
Շէնքին զոյգ պատերուն առանքը կը լեցնէին մայրի ծառերու կոճղերուն արտաքին կիսածխացած ու չորցած կեղեւով («դում» կը կոչուի Քեսապի մէջ), զայն աղալով յատուկ ջաղացքով մը, ապա լեցնելով պատերուն մէջ կամ առաստաղին տակ։ Այս աղալու աշխատանքը կատարած է Նշան Հարֆուշեան։
Սառնարանի վայրը, հողաշերտը կը գտնուի Չինար ու Խայըթ գիւղակներուն ճամբաներուն խաչմերուկին վրայ. իսկ այդ հողաշերտը ընկերութեան նուիրած է Մեծ Եղեռնէն ողջ ազատած Նեւտոն Մահշիկեան։
Սառնարանին շէնքին կառուցման գործը ստանձնած են չորս շինարարներ՝ Յակոբ Փ. Թրթռեան, Եսայի Ադիկեան, Նշան Հարֆուշեան եւ Ժան Սէֆէրեան, միատեղ աշխատելով, իրենց շինարարական իրերը (տախտակ եւ գործիքներ. . . ) միացնելով։
Հիմնադիրները ընկերութիւնը հիմնած են բաժնետոմսերու վրայ, զորս վաճառած են քեսապահայութեան, առաւելագոյնը իւրաքանչիւրին չորս բաժնետոմս. սակայն անոնց փոխարէն Ճինիշեան հաստատութիւնը մեծ ներդրում կատարելով, ժողովուրդին յատկացուցած բաժնետոմսերը ամբողջացուցած է, վրան յաւելեալ յատկացումներ կատարած են Քեսապի յարանուանութիւնները եւ կարգ մը կազմակերպութիւններ՝ ամբողջացնելով բաժնետոմսերը 2400-ի։
Սառնարանին շէնքը կը բաղկանար 4 մեծ սենեակներէ, իւրաքանչիւրը 10 հազար՝ 20 քիլոկրամնոց սնտուկներու տարողութեամբ, յատուկ միջանցքով։
Կառոյցը ունէր նաեւ վեց աւելի փոքր սենեակներ, երկու գրասենեակ վարչական գործերու. երկու սենեակ որպէս աշխատանոց. մէկ սենեակ ելեկտրածին շարժիչներուն եւ վեցերորդ սենեակը տնային պարէնի մթերման սառնարան-սենեակ։
Յառաջիկային, երբ խնձորի այգիները բազմացան ու բերքերը աւելցան, հանգրուանային, տարիներու ընթացքին կառուցուեցան երկու աւելի մեծ սենեակներ, կառոյցին ծաւալը հասցնելով 100 հազար սնտուկներու տարողութեան։
Ճինիշեան հաստատութեան մէկ այլ ներդրումին միջոցաւ կառուցուեցաւ մեծ սրահ մը, որպէս ատաղձագործարան, իր սարքերով, որ շահարկման տրուեցաւ, ու բանեցաւ մինչեւ այն ժամանակ, երբ տախտակէ սնտուկները փոխարինուեցան փլասթնայլոնէ սնտուկներով։
Յիշարժան է որ առաջին 14 տարիներուն ընկերութեան գործավարը (հաշուապահ ու գանձիչ) եղած է Յակոբ Ճ. Գերպապեան, որ հիմնադրութեան տարին գործած է որպէս սնտուկները ներս առնող կամաւոր։ Յառաջիկային նոյն գործը կատարեց Ժոզէֆ Պաղտուտը, իսկ վերջերս Ճորճ Պագլին։
Բազմաթիւ տարիներ, ընկերութեան կառոյցին որպէս պահակ աշխատած է Յովհաննէս Գըլըճեանը (Գերշ. Յակոբ Արք. Գըլըճեանի, վախճանեալ Հոգշ. Համազասպ Վարդապետին, նորոգ հանգուցեալ Քեսապի բանաստեղծ Վրէժ Դուրեանի ու Քեսապի հոգեւոր հովիւ վախճանեալ Տ. Արամ Քհնյ. Գըլըճեանի հայրը)։
Աւելորդ պիտի չըլլայ յիշատակել որ ընկերութեան հիմնադրութենէն քիչ անց սկսաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ շատեր Քեսապ եկան ու մնացին տարիներ։ Անոնցմէ յիշարժան են հանգուցեալ Կարո Աբէլեան եւ Կարո Գոնիալեան (դեղագործ, այժմ խոր ծերութեան մէջ կը բնակի ԱՄՆ), որոնք Ստեփան Փանոսեանի հետ ու անոր ցուցմունքներով կամաւորաբար աշխատած են ընկերութեան աշխատանոցին մէջ, զանազան գործեր իրագործելով։
(Շար. 1)
Կարո Մանճիկեան