Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի գլխաւորութեամբ՝ Անգարայի մէջ  տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ծիրին մէջ քննարկուեցան Կարսի մէջ «Արեւելեան դարպասներ» սահմանային անցակէտի բացումը եւ տարածաշրջանի դռները բանալու ընկերային-տնտեսական անդրադարձները:
Կարսի Առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Քատիր Պոզան հանդիպումին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Մենք ուշադիր կը հետեւինք Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ կը կարծենք, թէ «Արեւելեան դարպաս»-ին բացումը Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հարցերու վերացումէն եւ կարգաւորումէն ետք, մեծապէս պիտի նպաստէ ոչ միայն Կարսի, այլ նաեւ տարածաշրջանի տնտեսական եւ ընկերային զարգացման»: