ԺԱՆԵԱԿԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
Ժանեակագործութիւնը հայկական կիրառական արուեստի հնագոյն եւ աւանդական ճիւղերէն է։ Ան ցեղային մշակոյթի համակարգին մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւելով սիրուած զբաղում դարձած էր Հայաստանի մէջ։ Ան հասած էր արհեստի աստիճանին, որով կը զբաղէին ո՛չ միայն կանայք այլեւ տղամարդիկ կը բիւրեղացնէին արհեստագործութեան այս ճիւղը։
Հայ կանայք եւ աղջիկներ ժանեակ հիւսած են տարբեր գործիքներով՝ կարի սովորական ասեղով, կոր ասեղով եւ գուլպայի շիւղերով։ Անոնք կը գործուէին բամպակէ, մետաքսէ տարբեր գոյներու (ճերմակի գերակշռութեամբ) տարբեր ոլորքի հաստութիւն ունեցող թելերով, երկար, ժապաւէնաձեւ եւ այլն։
Տիրապետելով ժանեակ հիւսելու գրեթէ բոլոր եղանակներուն, հայ կանայք առաւելութիւնը տուած են ասեղնագործ
ժանեակին, որ ինքնատիպ է եւ կը տարբերի այլ ժողովուրդներու նոյնանման ասեղնագործութիւններէն։ Ան կ’առանձնանայ իր կատարման եղանակով, զարդանախշերով եւ յօրինուածքով, որ անփոփոխ պահպանուած է մինչեւ
օրս։
Արեւի նշանը, ութ շեղանկիւնաձեւ պսակաթերթիկներով ծաղիկը կամ աստղածաղիկը, կլոր վարդեակները, եռանկիւնները, ատամները, սիւներ, կամրջակներ յիշեցնող նախշերու շարքերը, ինչպէս նաեւ յաւերժութեան նշանը՝ որ կազմուած է մահիկաձեւ, դուրս գալով վարդեակի կեդրոնէն դէպի եզերք կը վազեն՝ ստեղծելով վազքի յարատեւ շարժման պատկեր մը։ Վերջինները որոշակի ռիթմով մը կը դասաւորուին համակեդրոն շրջանաձեւ, նման ժողովրդական կլոր պարի, ուր դժուար է գտնել պարի սկիզբը կամ վերջը։
Ժանեակ հիւսելու եղանակով գործուած են սփռոցներ, վարագոյրներ, ծածկոցներ, թաշկինակներ եւ գլխաշորերու եզրեր, օձիքներ, գրպանիկներ եւ զանազան կենցաղային իրեր։
Ուշադրութեան արժանի է բարձր հայքի կանանց տարազի գլխու յարդարանքի մաս կազմող ճակատազարդը՝ վարդը, որ կը հիւսուէր ասեղով, մետաքսէ բազմագոյն թելերով։ Հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն նաեւ կիլիկիահայ կանանց տարազի շուշան նախշերով ժանեակ լանջակալները։ Ակնյայտ է ժանեակի եւ խաչքարի նմանութիւնը. զարդանախշերու հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը, ոճային միասնականութիւնը իւրայատուկ գեղեցկութիւն կը հաղորդեն հայկական ժանեակին։
Պատկերին մէջ ցուցադրուած իւրայատուկ խաչքարը որուն հեղինակն է Դանիէլ Հէճինեան նուիրուած է Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։
Ինչպէս զանազան գործելադաշտեր, ժանեակագործութիւնը եւս քայլ կը պահէ արդիացման ալիքներուն եւ այժմ անոր ուշագրաւ նմուշները ցուցադրուած են Յովհաննէս Շարամբեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանին մէջ, Հայաստան։ Եւ վերջապես հարկ է յիշել, որ այսօր, Հայաստանի «ինքնութեան դարբնոց» թանգարանային դպրոցէն ներս կը դասաւանդուի ժողովրդական արհեստագործութեան այս ճիւղը՝ ժանեակագործութիւնը։
Արշօ Կիրոյեան-Թաշճեան