ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄՊԱՓԷ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱԹՐԻՔԸ
Սպանիոյ առաջնութեան 21-րդ փուլի մրցումներուն,  Ռիալ Մատրիտ իր դաշտէն դուրս 3 – 0 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Վալիատոլիտը: Հանդիպումի երեք կոլերու հեղինակը դարձաւ ֆրանսացի խաղացող Քիլիան Մպափէն:  Շնորհիւ այս յաղթանակին, Ռէալ Մատրիտ օգտուելով Աթլեթիքո Մատրիտի արձանագրած հաւասար արդիւնքէն, կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 4-ի, եւ առանձնացաւ աղիւսակի առաջին դիրքին վրայ: Մպափէն իր կոլերը նշանակեց 30 – 57-րդ եւ 91-րդ վայրկեաններուն: Մայրաքաղաքի երկրորդ ներկայացուցիչ ԱթլեթիքոՄատրիտը անգամ մը եւս ձախողեցաւ յաղթանակ արձանագրել, այս անգամ Վիլա Ռիալին հետ կատարած հանդիպումին, որ աւարտեցաւ 0 – 0 հաւասարութեամբ:
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ՉԵԼՍԻՆ
Անգլիոյ Փրեմիէր լիկի առաջնութեան 23-րդ փուլի մրցումներուն, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին յաջողեցաւ 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնել Լոնտոնի Չելսին: Հանդիպումի երրորդ վայրկեանին, Չելսիի անգլիացի խաղացող Նոնի Մատուկէն նշանակեց Չելսիի միակ կոլը, որմէ ետք քաթալոնէացի Կուարտիոլայի խաղացողները տիրապետեցին խաղարկութեան եւ յաջողեցան նշանակել իրենց առաջին կոլը 42-րդ վայրկեանին, խրուաթ պաշտպան Եոշկո Քուարտիոլի միջոցաւ։ 68-րդ վայրկեանին, դաշտի տէրերուն առջեւ անցնելով,  նորվեկիացի յարձակող Էրլինկ Հալանտ կրկնապատկեց արդիւնքը, որմէ քսան վայրկեան ետք, Ֆուտէն նշանակելով Սիթիի երրորդ կոլը եզրափակեց արդիւնքը՝ ի նպաստ ախոյեան կազմին:
ԼԱՄԻՆ ԵԱՄԱԼ՝ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՑՈՂ
Եւրոպայի ախոյեան, Սպանիոյ հաւաքականի 17-ամեայ եզրային յարձակող Լամին Եամալ դարձաւ Պարսելոնայի լաւագոյն խաղացող, հիմնուելով անցած մրցաշրջանի արձանագրուած արդիւնքներուն վրայ: Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց քաթալոնէական ակումբը՝ իր կայքին միջոցաւ: Լամին Եամալ առաջին անգամ կ’արժանանայ Ալտո Ռովիրայի անուան մրցանակին: Սոյն մրցանակի բարձրագոյն թուանիշ արձանագրած խաղացողը եղած է արժանթինցի Լիոնէլ Մեսսին,  որ 6 անգամ արժանացած է  այս մրցանակին: Անցեալ մրցաշրջանին, Լամին Եամալ ակումբային մրցաշարքերուն ընթացքին մասնակցած է 50 հանդիպումի, նշանակած  է 7 կոլ եւ կատարած՝ 9 կոլային փոխանցում:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան