Սուրիոյ նորընտիր նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա երէկ իր անդրանիկ պատգամը ուղղեց, յայտնելով որ ամբողջ ուժով եւ կամքով պիտի ձգտի հասնիլ Սուրիոյ միասնութեան եւ վերածնունդին։
Նախագահը առաւելաբար շեշտեց հետեւեալները.
-Ձեւաւորել համապարփակ անցումային կառավարութիւն, որ կ՚արտայայտէ Սուրիոյ բազմազանութիւնը՝ իր տղամարդոցմով, իգական սեռի ներկայացուցիչներով եւ երիտասարդներով, եւ կը ձեռնարկէ Սուրիոյ նոր ենթակառոյցներու կազմաւորման աշխատանքին, մինչեւ որ հասնինք ազատ եւ արդար ընտրութիւններու փուլին:

-Մեկնելով նախագահի ընթացիկ պարտականութիւններու կատարման լիազօրութենէն և զինուորական ղեկավարութեան վարչութեան Սուրիոյ խորհրդարանը ցրելու որոշումէն՝ յայտարարել նախապատրաստական յանձնաժողով մը՝ ընտրելու օրէնսդիր փոքրացուած խորհուրդ, որ պիտի լրացնէ անցումային շրջանի բացը։

-Յառաջիկայ օրերուն կազմել Ազգային երկխօսութեան համաժողովի նախապատրաստական​ յանձնաժողով, որ անմիջական հարթակ պիտի ըլլայ քննարկումներու, խորհրդակցութիւններու և յառաջիկայ քաղաքական ծրագրի վերաբերեալ տարբեր տեսակէտներ լսելու համար:
-Այս քայլերը աւարտելէն ետք, յայտարարել Սահմանադրական Հռչակագիրը՝ որպէս իրաւական յղում անցումային շրջանի համար:

Նախագահը եզրափակելով ըսաւ. «Յառաջիկայ փուլին պիտի կեդրոնանանք հետեւեալ առաջնահերթութիւններու իրագործման վրայ.

-Քաղաքացիական խաղաղութիւն հաստատել եւ անցումային արդարութեան միջոցաւ հալածել Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ոճիր գործողները՝ երկրէն ներս թէ դուրս։

-Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանել եւ ամրագրել Սուրիոյ գերիշխանութիւնը սուրիական ամբողջ հողատարածքներուն վրայ:

-Կառավարական կայուն գերատեսչութիւններ կազմել՝ հիմնուելով մարդուժի որակի եւ արդարութեան վրայ, ոչ թէ՝ փտածութեան եւ կաշառքի:

-Հաստատել Սուրիոյ տարածաշրջանային եւ միջազգային դիրքը վերականգնող, ժողովուրդի կենցաղային պայմանները բարելաւող եւ արժանապատիւ աշխատանքային առիթներ տրամադրող տնտեսական կայուն հիմքեր»։