Հալէպի ցամաքային փոխադրութեան տնօրէնութեան պատասխանատու Մուհամմետ Հուսէյն ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ քաղաքին մէջ փոխադրութեան վարձքը նուազեցաւ, հետեւաբար մեծ հանրակառքերու գիծի փոխադրութեան վարձքը եղաւ 2000 ս. ո., իսկ փոքր հանրակառքերունը՝ 3000 ս. ո. ։
Յառաջիկային կը նախատեսուի աւելի նուազեցնել վարձքը՝ նկատի ունենալով քաղաքացիներուն տնտեսական ծանր վիճակը։