Սուրիոյ նախագահը Երեքշաբթի երեկոյեան սուրիական պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ երկիրը պիտի վերակառուցուի եւ ենթակառոյցները արմատական փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուին։ Յառաջիկայ շրջանին համար նախագահը շեշտեց հետեւեալները.
-Նախագահական ընտրութիւններու հասնելու համար անհրաժեշտ է 4-5 տարի, մինչ այդ պէտք է տեղի ունենայ մարդահամար, որպէսզի ընտրութիւնները կայանան թափանցիկ եւ յստակ տուեալներով։
-Առաջին հանգրուանին պիտի յառաջանայ ժամանակաւոր խորհրդարան, իսկ նախագահական ընտրութիւնները կը կարօտին փտածութենէ ձերբազատուած առողջ ու գործուն ենթակառոյցներու։
-Յառաջացած է յանձնախումբ մը, որ պիտի նախապատրաստէ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք Ազգային համաժողովը՝ Սուրիոյ բոլոր նահանգներու ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
– Նշեալ համաժողովին եզրափակիչ յայտարարութիւնը պիտի հաստատէ սահմանադրութեան հռչակումը։
-Սուրիոյ մէջ ազատութիւններու լայն կիրակութիւն պիտի հաստատուի՝ օրէնքի սահմաններուն մէջ:
-Սուրիոյ մէջ պետութեան ձևը կը մնայ հանրապետական՝ խորհրդարանով և գործադիր կառավարութեամբ։