Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ աշ-Շարաա եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, աւարտելով իրենց պաշտօնական առաջին այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա, վերադարձան Սուրիա Ռիատի Խալէտ Թագաւորի միջազգային օդակայանէն։
Սէուտական «Ուաս» գործակալութիւնը յայտնեց, որ նախագահ Շարաաը ճամբեցին Ռիատի իշխան Ֆայսալ պըն Պանտար պըն Ապտըլ Ազիզը, պետական նախարարը, նախարարներու խորհուրդի անդամ Մուհամմէտ պըն Ապտըլ Մալէք ալ – ՇԷյխը, շրջանի քարտուղար իշխան Ֆայսալ պըն Ապտըլ Ազիզ պըն Այյաֆը, ինչպէս նաեւ թագաւորական դիւանի խորհրդատու Խալէտ պըն Ֆարիտ Հատրաուին, Սուրիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ֆայսալ Մըճֆէլը, շրջանի ոստիկանապետ Մանսուր պըն Նասէր ալ-Աթէպին եւ թագաւորական արարողութիւններու պատասխանատու Ֆահըտ աս-Սահիլը:
Յիշենք, որ նախագահ Շարաա եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուին Սէուտական Արաբիա։
Այցելութեան աւարտին Սուրիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ, յատկապէս իշխան համմետ պըն Սալմանին՝ շքեղ եւ եղբայրական ընդունելութեան համար, շեշտելով որ այս հանդիպումը կը համարուի մեկնարկը ռազմավարական յարաբերութիւններու՝ ի նպաստ երկու երկիրներու զարգացման եւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան։