Երեքշաբթի, 4 Փետրուար 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետերուն հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հալէպի նահանգապետ երկրչփ. Ազամ Ղարիպի հետ հանդիպումին, հիւրընկալութեամբ՝ Լատին Համայնքի Առաջնորդ Հաննա եպս. Ճալլուֆին, Լատին համայնքի Առաջնորդարանէն ներս։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցան ներկայիս տիրող պայմաններուն եւ ժողովուրդին կենցաղային պայմանները բարելաւելու համար տարուող գործընթացին մասին։