Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ պիտի կազմուի Հայաստան-Սէուտական Արաբիա բարեկամական խումբը, որուն նպատակն է՝ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական եւ միջխորհրդարանական կապերու զարգացումը։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս հարցը քննարկուեած է Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նիստին եւ ընդունուած միաձայնութեամբ:
«2023-ին Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյմիջեւ հաստատուեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Նախորդ տարի Հայաստան եւ Սէուտական Արաբիա փոխադարձաբար նշանակած են ոչ- լիազօր դեսպաններ: Եւ բոլորովին վերջերս Սէուտական Արաբիոյ խորհրդատուական խորհուրդին՝ խորհրդանանին մէջ ձեւաւորուած է Սէուտական Արաբիա-Հայաստան բարեկամական խումբ եւ մեր գործընկերները այս մասին մեզ տեղեկացուցած են: Կը կարծեմ, որ ասիկա շատ ողջունելի քայլ է, յատկապէս երբ նոր կը ձեւաւորուին դիւանագիտական յարաբերութիւնները, մենք եւս փոխադարձաբար ստեղծենք Հայաստան-Սէուտակապ Արաբիա բարեկամական խումբ», ըսաւ յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան: