Սուրիոյ տնտեսութեան վերականգնումը ե՛ւ իշխանութեան ե՛ւ ժողովուրդին համար կարեւոր պահանջ է երկրի փոխանցման այս փուլին։
Անցումային կառավարութեան տնտեսութեան նախարարին եւ պետական այլ դէմքերու կողմէ հնչեցին տնտեսութիւնը ազատ շուկայի համակարգ ուղղելու մտադրութիւնը այս շրջանին, ուր ապրանքներու եւ ծառայութիւններու գիները կ’որոշուին վաճառողներու եւ գնորդներու կողմէ արտայայտուած առաջարկով եւ պահանջով:
Նման շուկաներ կը գործեն առանց կառավարութեան կամ որեւէ այլ արտաքին իշխանութեան ուղղակի միջամտութեան: Միջամտութիւնը կ’ընթանայ տուրքերու ճշդման կամ օրէնքներու հաստատման միջոցով։
Սուրիան կը դիմագրաւէ սակայն ե՛ւ վերականգնումի, ե՛ւ տնտեսութեան բարելաւման մարտահրաւէրները։  Այս երկուքին հասնելու համար պետութեան դիմաց բաւական դժուար աշխատանք կայ, մանաւանդ նկատի ունենալով  նախկին տնտեսական համակարգին մէջ արմատ նետած փտածութիւնը եւ Սուրիոյ դէմ սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցները։
Վերականգնումը կը կարօտի նիւթական մեծ ներդրումներու։ Այդ ներդրումները կրնան հասնիլ Սուրիոյ բարեկամ երկիրներէ, կամ պետութեան վերցուցած մասնակի վարկերուն ճամբով հաւանաբար։ Սակայն այդ բոլորը ժամանակաւորապէս։  Սուրիական տնտեսական կեանքի աշխուժացումը ինքնին կրնայ նպաստել վերականգնումի աշխատանքին, եթէ զարգանայ արդիւնաբերութիւնը, յատկապէս գիւղատնտեսութեան  ոլորտին մէջ, նկատի ունենալով, որ Սուրիան գիւղատնտեսութեան  հարուստ տարածքներ եւ մեծաթիւ աշխատուժ ունի։
Ազատ շուկան տեղ ու առիթ կուտայ տնտեսական բոլոր խաւերու վաճառականներուն եւ արդիւնաբերողներուն՝  ներածումի, արտածումի,  թէ արտադրութեան ոլորտէն ներս։  Աւելին.  ան ճամբայ կը հարթէ տեղական եւ օտար ներդրումներու համար՝  պետական մասնակի վերահսկողութեան իրագործումով,  հետեւաբար ալ կրնայ յանգեցնել աշխատուժի պահանջի յաւելումին, որուն արդիւնքով ալ սուրիացի քաղաքացիի եկամուտի բարելաւման։
Այս բոլորը կրնան իրականանալ եթէ ապահովութիւնը ամրագրուի, ծառայողական ոլորտը բարելաւուի եւ օրէնքները նպաստեն վաճառականներու եւ արտադրողներու  աշխատանքին։
Ազատ շուկայի անցնելու դրութիւնը կարճ ժամանակի մէջ իրականացնելը, յատկապէս պատերազմէն դուրս եկած երկրի մը համար,  հաւանաբար դժուար պիտի ըլլայ, սակայն ժամանակի ընթացքին, մասնաւոր եւ ընդհանուր հատուածի հաւասարակշռուած աշխուժացումը եւ գործակցութիւնը, պետութեան որդեգրելիք հարկերու քաղաքականութիւնն ու տնտեսական օրէնքները կրնան ծառայել ազատ շուկայի անցումի քայլերուն։
Սուրիոյ սփիւռքը եւս իր դրական ներդրումը կրնայ ունենալ այս գործընթացին, իսկ Սուրիոյ յարաբերութիւններու բարելաւումը դրացի եւ Ծոցի երկիրներուն հետ՝ իր նկատառելի նպաստը կրնայ բերել Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն եւ տնտեսութեան աշխուժացման։
Բնականաբար կարճ ժամանակի ընթացքին մեծ արդիւնքներ ակնկալելը անիրատեսական կրնայ թուիլ,  սակայն տնտեսութիւնը առողջ հիմքերու վրայ կառուցելը եւ Սուրիոյ ժողովուրդին կենսամակարդակը բարելաւելը հիմնական ազդակներ կրնան ըլլալ դրական արդիւնքներու հասնելու համար։
Սուրիոյ ժողովուրդը իր բազուկին վստահող, աշխատունակ ժողովուրդ է, հետեւաբար սուրիական աշխատուժը գործի լծելը եւս արդիւնաւէտ քայլերու սկիզբ կրնայ համարուիլ։